Կիրակի, 3 Մայիս 2009ին Սուրիոյ հայաշատ քաղաք Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Հալէպահայութեան
եւ Սուրիոյ ՀՄԸՄի ընտանիքին համար տարիներու աւանդութիւն դարձած ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային
վարչութեան կազմակերպած տարեկան տողանցքը որ կը վայելէր հովանաւորութիւնը՝ Բերիոյ հայոց
թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանին ։ Այս առթիւ Հալէպի «Ռիայէթ Շապապ» մարզադաշտին
վրայ տեղի ուեցաւ ֆութպոլի մրցում մը՝ Հալէպի ՀՄԸՄի վեթերան խումբին եւ Հալէպի ներկայացուցչական
կազմին միջեւ։ Մրցումի կիսախաղին ընթացքին, ՀՄԸՄի մարտարուեստի (քարաթէ), մարմնամարզի
եւ կշռոյթի խումբերը, ինչպէս նաեւ ՀՍԳ միութեան սանտայի, քունկ ֆուի եւ Ուու-շուի մարզիկները
կատարեցին մարզական ցուցադրութիւններ։ ՀՄԸՄի տեղական վարչութեան ատենապետ Աբրահամ Եագուպեան
իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է Սուրիոյ կառավարութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը ՀՄԸՄի
նկատմամբ իսկ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անունով Րաֆֆի Տէր Աբրահամեան հաստատած
է, թէ 91 տարիներ ետք ՀՄԸՄը շրջանցելով ամէն խոչընդոտ՝ յաջողած է իր առաքելութեան մէջ,
պատրաստելով մեր նախնեաց աւանդներուն հաւատարիմ՝ ու գաղափարական ոգիով թրծուած՝ ՜՜ազգանուէր
երիտասարդներ՝՝: Նշենք թէ տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քամիշլիի,
Դամասկոսի, Քեսապի, Իրաքի եւ Տէր Զօրի մասնաճիւղերու սկաուտները եւ Սուրիոյ հայաբնակ
գիւղերէն Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ անդամները։ Տողանցքը առաջնորդուեցաւ Սուրիոյ եւ
Հայաստանի դրօշակներով, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի զինանշաններով, ինչպէս նաեւ՝ 7րդ
եւ 8րդ սկաուտական վաշտերու դրօշակներով։ Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ՝
Շահան եպս. Սարգիսեան, որ գնահատեց ՀՄԸՄի բոլոր անդամներուն ցուցաբերած աշխատանքը՝ տողանցքի
յաջողութեան մէջ։
Պոլսահայ Երգիչ Պարթեւ Կ՛արձակէ Իր Նոր Ձայնապնակը
Հայկական
երգերու սիրուած մեկնաբան, պոլսահայ Պարթեւ (Պարթեւ Կարեան) հրապարակ հանած է իր նոր
ձայնապնակը«Հաւաքածոյ» անունով, անիկա կ՛ընդգրկէ 17 երգ։ Պարթեւ Կարեան, իր ամբողջ կեանքը
նուիրած է, միայն՝ հայերէն ու հայկական երգերու մեկնաբանութեան. ան այդ երկրի դժուարին
պայմաններուն տակ յաջողած է նաեւ իր ձայնը հասցնել այլ հայաշատ երկիրներ։ Նոր ձայնապնակին
վրայ տեղ գտած է նաեւ «Հայաստան իմ չքնաղ» երգը, որ արժանացած էր, բարձր գնահատանքի,
եւ որ երգուած էր «Ճէմալ Ռէշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ
տեղի ունեցած սէնֆոնիք համերգի ընթացքին ։ Պարթեւ Կարեանի երգերուն մէջ պարբերաբար Պարթեւին
կ՛ընկերակցին ՜՜վոքալիսթներ՝ Մարալ եւ Սիպիլ Փէքթորոսօղլու՝՝։
Թատերական ներկայացում
Կիպրոսի մէջ
Համազգայինի Կիպրոսի Օշական մասնաճիւղի Դիմակ թատերախումբը 3 Մայիս
2009ին ներկայացուց Արամաշոտ Պապայեանի ՜՜Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ՝՝ թատերախաղը։ Վերջին
9 տարիներու ընթացքին 8-րդ անգամն է, որ հայրենի արուեստագէտ Ժաննա Թահմիզեանի բեմադրութեամբ
Դիմակ թատերախումբը կը ներկայանայ կիպրահայութեան, արժանանալով անոր գնահատանքին։
Խաղի
նիւթը առանձին մնացած տարեց մարդու մը տառապանքն էր, որ հակառակ զաւակներ ու հարսեր ունենալուն,
միայն դրացիէն կը ստանար ընտանեկան ջերմ գուրգուրանք ու սէր։
Կիպրական
մամուլը կանդրադառնայ հայազգի երաժիշտ Վահան Պետէլեանին ու անոր գործերուն
Կիպրական
Ֆիլելեֆթէրոս թերթը ՜՜հրապարակում՝՝ մը կատարած է կիպրահայ երաժիշտ Վահան Պետէլեանի մասին։
Գրութիւնը կը պատկանի լրագրող Անասթասիա Սաքալիի։ Յօդուածին մէջ կը նկարագրուին Վահան
Պետէլեանի կեանքի հանգրուանները, 1921ին Կիպրոս իր ժամանումէն ետք։ Լրագրողը անդրադարձ
կը կատարէ հայութեան դիմագրաւած պատմական բոլոր հանգրուաններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան,
ինչպէս նաեւ կարժեւորէ Վահան Պետէլեանի ներդրումը կիպրական գեղարուեստական աշխարհէն ներս։