2009-05-20 13:35:50

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` առաքելական ուխտագնացութեան մը տպաւորութիւնները նիւթին մասին։


Չորեքշաբթի 20 Մայիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ Այսօրուայ հանդիպումին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Ս. Երկիր կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,



Այս առաւօտ կ՝ուզեմ գոհութիւն մատուցանել Տիրոջ Ս. Երկիր կատարած առաքելական ճամբորդութեանս համար։ Իմ երախտագիտութիւնս կ՝երթայ Երուսաղէմի լատին պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալին, եկեղեցական ու քաղաքացիական բոլոր իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին իմ առաքելական ճամբորդութեանս յաջողութեան։ Իմ այս այցելութեան ընթացքին ուզեցի նախ հաւատքի ուխտագնացութիւն կատարել, ապա հովուական այցելութիւն կատարել Ս. Երկրի հաւատացեալներուն։ Յոյժ կարեւոր համայնք մը, քանի որ կը ներկայացնէ շարունակականութիւնը քրիստոնեայ առաջին համայնքին։ Հանդիպում ունենալով՝ եկեղեցական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ, ուզեցի յայտնել թէ միակ Աստուծոյ մէջ հաւատքը՝ արդար եւ գթառատ, ակնաղբիւրը շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն, պէտք է գործադրէ յարգանքի, հաշտութեան ու համագործակցութեան իր զօրութիւնը։ Հակառակ դարերու ընթացքին յատկանշուած ընդհարումներուն, հակառակ պատերազմներուն, աւերներուն ու դժբախտաբար քրիստոնեաներու միջեւ ընդհարումներուն, Եկեղեցին շարունակեց հետապնդել իր առաքելութիւնը, մղուած՝ Յարուցեալ Տիրոջ Ս. Հոգիէն։ Ան կ՝ընթանայ դէպի կատարեալ միութիւնը, որպէսզի աշխարհը հաւատայ Աստուծոյ սիրոյն եւ փորձարկէ անոր ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Գողգոթայ եւ Յիսուսի թաղման տաճարին մէջ, հայցեցի սիրոյ զօրութիւնը որ կը ծորի Զատկական խորհուրդէն, միակը որ կարող է բարենորոգել մարդիկը եւ ուղղել պատմութիւնն ու Տիեզերքը դէպի վերջնական նպատակը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք աղօթելու որպէսզի Յարուցեալ Քրիստոսը վերանորոգէ մարդոց սիրտը ու աշխարհին պարգեւէ իր ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։



Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ՝ վաղը եկեղեցին կը տօնէ Քրիստոսի Համբարձումը, ձեր հայեացքը ուղղեցէք Քրիստոսին (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ) որ նախքան իր երկինք համբառնալը առաքեալներուն կը պատուիրէ որ ճանչցնեն իր պատգամը ամբողջ աշխարհի մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.