2009-05-20 13:36:21

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հնդկաստան 400 Հազար Տոլար Կը Տրամադրէ «Հայաստան» Հիմնադրամին


 «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան եւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի լիազօր դեսպան Րինա Պանդէյ ստորագրած են համաձայնութեան յուշագիր, ըստ որու` հնդկական կողմը Հիմնադրամին կը տրամադրէ աւելի քան 400 000 ԱՄՆ տոլար, որուն շուրջ 220 000 ԱՄՆ տոլարը պիտի յատկացուի Լոռի մարզի Արտնի գիւղի դպրոցի հիմնանորոգման:  Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան իր խօսքի մէջ նշած է, թէ  յոյսով է, որ նշեալ համագործակցութիւնը պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ, եւ Հիմնադրամի որդեգրած՝ գիւղերու զարգացման ծրագիրը պիտի ունենայ եւս մէկ հովանաւոր։ Իսկ Հնդկաստանի դեսպանը հաւաստիացուցած է, որ Արտնի գիւղի դպրոցի հիմնանորոգման ծրագրի ընտրութիւնը Հնդկաստանի կառավարութեանն է, որ առաջիկային եւս մտադիր է շարունակել համագործակցութիւնը Հիմնադրամի հետ:

Ոչ եւս է հայազգի լրագրող եւ հասարակական գործիչ Այդին Մորիկեան

Երեւանի մէջ 20 Մայիս 2009-ին իր մահկանացուն կնքած է 51ամեայ լրագրող, հասարակական գործիչ Այդին Մորիկեան։ Ան ծնած է Աշտարակի Օշական գիւղին մէջ 1958 ին: Բանասիրական կրթութիւն ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի Ժուռնալիստական բաժնին, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի պետական համալսարանին մէջ: 1981ին անցած է լրագրողական գործունէութեան, 1987-90 թուականը վարած է «Աւանգարդ» երիտասարդական թերթի խմբագիրի տեղակալի պաշտօնը, 1990-97 թուական եղած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը: Ա. Մորիկեան 1990-95 տարիներուն եղած է Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, 1995-96ին վարած է տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալի եւ Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր տնտեսական բարեփոխումներու վերլուծական-տեղեկատուական կեդրոնի գործադիր տնօրէնի պաշտօնները:  Մորիկեան 1995-99 եղած է խորհրդարանի պատգամաւոր։ Իսկ 2000 թուականէն ի վեր, ան գլխաւոր խմբագիրն էր «Հայեացք Երեւանից» ամսագրի եւ «Օրրան» թերթի:

«Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանը՝ 20 տարեկան է։

Քսան տարի առաջ «Հորիզոն»ի առաջին հաղորդումը սկիզբ առաւ։Կազմակերպող յանձնախումբն էր Ստեփան Փարթամեան, Զաւէն Գասապեան, հանգուցեալ Վարդգէս Նարկիզեան , Գոգօ Պալեան, Սարգիս Պէրպէրեան եւ Կարպիս Թիթիզեան այժմու տնօրէնն է Հէրի Որբերեան : Ռատիօ Վատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ «Հորիզոն»ի տարեդարձը մաղթելով որ նորանոր ծրագիրներով շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ լաւագոյն յայտագիրներ ներկայացնելու հայերուն։

Նորվան արք. Զաքարեան նշանակուած է Արևմտեան Եւրոպայի նոր պատուիրակ

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ Գիւտ արք. Նագգաշեան հանգիստի կոչուած է եւ իր պաշտօնին՝ որպէս Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ նշանակուած է Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդը՝ Նորվան արք. Զաքարեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.