2009-05-19 13:41:13

Քրիստոնէականի ուսուցում

Զրոյց 40-րդ– ԲՈՒԺՈՒՄԻ Ս. ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ


295-Քրիստոս Ապաշխարանքի եւ Հիւանդներու Օծումի Ս. Խորհուրդները ինչու՞ հաստատեց։

Հոգիներու եւ մարմիններու բժիշկ` Քրիստոսը այս Ս. Խորհուրդները հաստատեց, քանի որ քրիստոնեայ նախապատրաստումի Ս. Խորհուրդներով Անոր մեզի տուած նոր կեանքը կրնայ տկարանալ եւ նոյնիսկ կորսուիլ մեղքին պատճառով։ Ահա թէ ինչու Քրիստոս ուզեց որ բուժումի եւ փրկութեան Իր գործը Եկեղեցին շարունակէ, բուժումի այս երկու Ս. Խորհուրդներուն միջոցով։

ԱՊԱՇԽԱՐԱՆՔԻ ԵՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ Ս. ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ – Ա. մաս

296-Այս Ս. Խորհուրդը ինչպէ՞ս կոչուած է։

Անիկա Ապաշխարանքի, Հաշտութեան, Ներումի, Խոստովանանքի, Դարձի Ս. Խորհուրդ կոչուած է։



297-Ինչու՞ Մկրտութենէն ետք Հաշտութեան Ս. Խորհուրդը կայ։

Որովհետեւ Մկրտութեամբ ստացուած շնորհքի նոր կեանքը մեր մէջ ո՛չ մարդկային բնութեան տկարութիւնը ջնջեց, ո՛չ ալ մեղքի հակումը այսինքն՝ ցանկութիւնը, հետեւաբար Քրիստոս այս Ս. Խորհուրդը հաստատեց մեղքով Իրմէ հեռացած մկրտեալներուն դարձին համար։



298 -Այս Ս. Խորհուրդը ե՞րբ հաստատուեցաւ։

Յարուցեալ Քրիստոսը զայն հաստատեց երբ Զատկի երեկոյին իր Առաքեալներուն յայտնուեցաւ եւ անոնց ըսաւ. Ընդունեցէ՛ք Ս Հոգին։ Որո՛նց մեղքերը ներէք, պիտի ներուին, եւ որո՛նց մեղքերը կապէք, պիտի կապուին (Յվ 20, 22-23)։



299-Մկրտուածները դարձի գալու կարիքն ունի՞ն։

Մկրտուածներուն կեանքին մէջ՝ դարձի գալու Քրիստոսի կանչը անընդհատ կը հնչէ։ Դարձի գալը ամբողջ Եկեղեցւոյ համար յարատեւ յանձնառութիւն մըն է։ Եկեղեցին սուրբ է, սակայն իր ծոցին մէջ մեղաւորներ ունի։



300-Ի՞նչ է ներքին ապաշխարանքը։

Ան ուժականութիւ՛նն է սրտաբեկ հոգիին (Սղմ 51, 17), որ աստուածային շնորհքէն հրահրուած՝ կ՛ընդառաջէ Աստուծոյ բարեգութ սիրոյն։ Ապաշխարանքը իր մէջ կը կրէ ցաւ եւ խորշում՝ գործուած մեղքին հանդէպ, հաստատ առաջադրութիւն՝ այլեւս չմեղանչելու եւ վստահութիւն՝ Աստուծոյ օգնութեան վրայ, եւ կը սնանի աստուածային բարեգթութեան յոյսով։



301-Ապաշխարանքը քրիստոնեային կեանքին մէջ ի՞նչ ձեւով կ՛արտայատուի։

Ապաշխարանքը կ՛արտայայտուի բազմազան ձեւերով, յատկապէս պահք բռնելով, աղօթելով եւ ողորմութիւն ընելով։ Կարելի է ապաշխարանքին այս եւ միւս միջոցները քրիստոնեան իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ գործադրել, յատուկ կերպով Մեծ Պահքի շրջանին եւ ուրբաթ օրերը, որ ապաշխարութեան օրեր են։








All the contents on this site are copyrighted ©.