2009-05-19 13:39:10

Լուրեր հայկական կեանքէն

-Մահացած է Պուլկարահայ գրող Սեւտա Սեւանը


Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան հետեւեալ ցաւակցական ուղերձ յղած է Պուլկարահայ գրողի մահուան ի լուր: «Խոր ցաւով տեղեկացայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ և լիազօր դեսպան, Պուլկարահայ գրող Սևդա Սևանի անժամանակ մահուան լուրը: Սևդա Սևան օտարագիր հայ նորագոյն գրականութեան ակնառու ներկայացուցիչներէն էր:

Անոր ստեղծագործութիւնը կը կրէ հայրենազրկման հսկայական ցաւի կնիքը, զոր ունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած՝ մեր հարիւրաւոր հազարաւոր հայրենակիցներն ու անոնց ժառանգները: Գրականութիւնն այն միջոցն էր, որով ան կը բարձրացնէր ճշմարտութեան ձայնը, ընդդէմ՝ ուրիշի ցաւի նկատմամբ ՜՜աշխարհի լռութեան ու անտարբերութեան՝՝: Ան կը ձգտէր խօսքի ուժով ամրացնել մարդկութեան դիմադրութիւնը նմանօրինակ ոճիրներու կրկնութեան հանդէպ:

Սևդա Սևան կը սիրէր Հայաստանն ու Արցախը: Ան մեր երկրի, հայ և Պուլկարացի մշակոյթներու նուիրեալ մըն է որուն գործերը յաւերժ պէտք է յիշեցնեն մեր ժողովուրդի վերապրած ողբերգութիւնն ու վերածնունդը: Իմ ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեմ անուանի գրողի հարազատներուն, մերձաւորներուն ու անոր գրականութեան երկրպագուներուն»:

Այս տարուան Յուլիսին, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան պիտի ունենայ ռուսական երկու «Sukhoi Superjet 100» օդանաւ:

«Շուտով այդ ինքնաթիռները, որոնք արդէն փորձարկւում են, կը թռչեն Հայաստան, որպէսզի բարձրալեռնային պայմաններում անցնեն փորձարկումների վերջին փուլը», այսպէս յայտարարեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Սերգէյ Իվանով՝ Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:

 «SSJ-100» ընտանիքին պատկանող բոլոր օդանաւերը մաքրութեան եւ առողջապահութեան իմաստով կը համապատասխանեն միջազգային պահանջներուն, որուն շնորհիւ «Superjet 100»ը մրցունակ կը դառնայ համաշխարհային շուկայական համակարգին վրայ:  Քաղաքացիական առաջին «Sukhoi Superjet 100» օդանաւը կը տրուի Հայաստանի «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան: Ըստ անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Ս. Իվանովի, հայ գործընկերներուն հետ արդէն իսկ քննարկուած են հիւլէական ուժի, տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան, կապի եւ տիեզերական ոլորտներուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցեր:  Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ իր զրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու զարգացման համար, որոնք բացի ուժանիւթի ոլորտէն, կը ներառեն նաեւ գիտարուեստի ոլորտը:



Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի հանդիպումը Գանատայի քաղաքացիութեան եւ բազմամշակոյթի նախարար՝ Ճէյսըն Քէնիին հետ ։Լիբանան։

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն ներս Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Գանատայի քաղաքացիութեան եւ բազմամշակոյթի նախարար՝ Ճէյսըն Քէնին որուն կ՝ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Գանատայի դեսպան՝ Լուի տը Լորիմիէ եւ Գանատայէն ժամանած՝ պատասխանատու անձնաւորութիւններ ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ս Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան։ Ունենալով սերտ յարաբերութիւններ Լիբանանէն գաղթած Գանատահայերու հետ, զրոյցի ընթացքին, գանատացի նախարարը բարձր գնահատեց անոնց արդիւնաւէտ ներդրումը Գանատայի մէջ, քանի որ գանատահայերը կառչած մնալով՝ իրենց մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն միշտ յարմարած են միջավայրի պայմաններուն։ Հանդիպման աւարտին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը նախարարին մաղթեց յաջողութիւն եւ անոր նուիրեց Ֆրանսերէն լեզուի թարգմանուած՝ Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութիւնը հատորը։








All the contents on this site are copyrighted ©.