2009-05-19 13:08:21

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍԱՄՈՒԷԼ ՆԻԿՈՅԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ։ 18 մայիսին սկսած Հայաստանի Ազգային ժողովի հերթական քառօրեային հիմնական հարցերէն մէկը Ազգային ժողովի փոխնախաահին եւ կրթութեան ու գիտութեան մնայուն յանձնախումբի նախագահի ընտրութիւնն էր։

Նշենք, որ Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնը թափուր էր 30 ապրիլէն՝ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Հրայր Կարապետեանի հրաժարականը ընդունուած համարելու օրուընէ, իսկ յանձնախումբի նախագահինը՝ հանրապետական Արմէն Աշոտեանի՝ 12 մայիսին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար նշանակուելէն ի վեր։

Ազգային ժողովի Հանրապետական Կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին համար առաջադրեց հանրապետական Սամուէլ Նիկոյեանի թեկնածութիւնը։ Նաեւ յայտարարուեցաւ, որ ՀՀԿ-ի գործադիր մարմինի 15 մայիսի նիստին ընթացքին միաձայն որոշուած է, որ կրթութեան եւ գիտութեան մնայուն յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին համար պէտք է առաջադրուի նոյն խմբակցութեան անդամ Արտակ Դաւթեանի թեկնածութիւնը։ Փակ, եւ գաղտնի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին համար ընտրուած միակ թեկնածուն՝ Սամուէլ Նիկոյեան ստացաւ 104 թեր եւ 3 դէմ ձայներ, 1 քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուեցաւ։Իսկ Արտակ Դաւթեան ստացաւ 102 թեր եւ 6 դէմ ձայներ։



Հայաստան Կայցելէ Ռուսիոյ Կառավարութեան Նախագահի Տեղակալը։

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Ռուսիոյ կառավարութեան նախագահի տեղակալ Սերգէյ Իվանովը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները։ Հանդիպման սկիզբը Սերգէյ Իվանով ցաւակցութիւն յայտնած է Նաիրիտ քիմիական գործարանի մէջ տեղի ունեցած արկածին կապակցութեամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին։ Երկու քաղաքագէտները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ փոխ գործակցութեան բարձր մակարդակին համար եւ նշած՝ որ հայ- ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ չկայ որեւէ մարզ, ուրտեղ չիրականացուին համատեղ նախագիծեր։



ԸՍՏ ՏԷՅՎԻՏ ՖԻԼԻՓՍԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉԱՓՈՒԻ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԽՕՍՔԵՐՈՎ։ Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու Ատլանտեան Խորհուրդի վերլուծական կեդրոնի աւագ անդամներէն Տէյվիտ Ֆիլիփս Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց ենթայանձնախումբին մէկ ունկնդրութեան ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահն ու վարչապետը Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման հարցով տարակարծիք են։ Անցեալ ուրբաթ օր նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտնեց, որ բնականոնացումը պիտի ընթանայ առանց նախապայմաններու,իսկ վարչապետ Էրտողան յաջորդ օր պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա չի կրնար իր սահմանը բանալ, եթէ Հայաստան չվերացնէ Լեռնային Ղարաբաղի իր բռնագրաւումը(ըսաւ Տէյվիտ Ֆիլիփս)աւելցնելով թէ

՝՝յառաջդիմութիւնը պիտի չափուի քայլերով եւ ոչ թէ խօսքերով՝՝։



Պոնտոսցիներու Ցեղասպանութեան Յիշատակը Նշուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ։

Յիշատակի օր կոչուած է հելլէն խորհրդարանին կողմէ 19 Մայիսը, որ Պոնտական Ցեղասպանութեան յիշատակումի օրն է։ Այս օր, Յունաստանի մէջ եւ աշխարհի տարածքին գործող բոլոր պոնտական կազմակերպութիւնները յիշատակի ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, ոգեկոչելու համար Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ջարդուած յոյն-պոնտոսցի 220.000-365.000 զոհերու յիշատակը 1914-1923ի միջեւ։ Թրքական պետութիւնը կը մերժէ ընդունիլ Պոնտական Ցեղասպանութիւնը եւ անցեալ տարի պաշտօնական բողոք ներկայացուցած էր Յունական Պետութեան, ոգեկոչական ձեռնարկներու ընթացքին յունական բարձրաստիճան ներկայութիւններուն դէմ։ Հայաստանի մէջ Յունական Համայնքի ներկայացուցիչներ Ծիծեռնակաբերդ բարձրացան, յարգելու համար յիշատակը Պոնտական Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.