2009-05-18 07:57:58

Լուրեր Հայկական կեանքէն

Յարութիւն Խաչատրեանի «Սահման» Ժապաւէնը՝ Մրցանակակիր


Լուրեր Հայկական կեանքէն

Յարութիւն Խաչատրեանի «Սահման» Ժապաւէնը՝ Մրցանակակիր

Հիւսթըն քաղաքին մէջ, Ապրիլ ամսոյն վերջերը կայացած 42-րդ համաշխարհային շարժանկարի փառատօնին մասնակցած էր Յարութիւն Խաչատրեանի «Սահման» ժապաւէնը։ Այս շարժանկարը ընդգրկուած է «Ռէմի» դասակարգին մէջ եւ դատակազմի կողմէ արժանացած է ամենաբարձր՝ փլաթին մրցանակին։

 Յարութիւն Խաչատրեան, իր տպաւորութիւնները բաժնելով լրագրողներու հետ՝ ըսաւ, թէ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին իր սիրտը սաստիկ տրոփած էր, երբ «Սահման»ին անունը չէր հնչած ոսկեայ մրցանակակիրներու ցանկին մէջ։ «Ես յուսահատութեան մատնուեցայ, քանի որ չէի գիտեր, թէ աւելի բարձր՝ փլաթինէ մրցանակներ եւս կան», յայտնեց բեմադրիչը։

 Հայազգի բեմադիրին գործը՝ «Սահման»ժապաւէնը Մայիս 3-ին եւս մասնակցեցաւ կարեւոր փառատօնի մը, Սիրաքիւզի միջազգային փառատօնին եւ հոն եւս մրցանակին արժանացաւ։  «Սահմանը» պատմութիւն մըն է գոմէշի մը մասին, որ հայ-ատրպեճանական սահմանը կ՛անցնի եւ որուն օգնութեամբ երեւան կը հանուին երկու հարեւան ժողովուրդներու միջեւ առկայ դժուարին հիմնահարցերը, սահմանամերձ գիւղի կենցաղը, մարդոց կրօնական ու մշակութային առօրեան։



Ոչ եւս է հայազգի արուեստագէտ Հենրիկ Իգիթեան

Ի լուր հայազգի վաստակաշատ արուեստագէտ Հենրիկ Իգիթեանի մահուան Ռատիօվատիկանի հայերէն հաղորդումներու խմբագրութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Հենրիկ Իգիթեանի ընտանիքի պարագաներուն ու արուեստասէրներուն։

Ողբացեալը ծնած էր Թիֆլիս 77 տարի առաջ, աւարտած է Երեւանի Ռուսաց եւ օտար լեզուներու մանկավարժական հիմնարկը, ապա՝ Լենինկրատի գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան հիմնարկը։

Աշխատած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։ Անոր նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ հիմնադրուած են Մանկական պատկերասրահը, Ժամանակակից արուեստի թանգարանը, Գեղագիտական դաստիարակութեան հանրպետական կեդրոնը եւ հայ արդի նկարիչներու ՜՜Նոյեան Տապան՝՝ ընկերակցութիւնը։





Շնորհահանդէս ՜՜Մինչեւ հոգիներու աճուրդը՝՝ գծանկարչական վէպին. Երեւան

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է, ՜՜Մինչեւ հոգիներու աճուրդը՝՝ գծանկարչական վէպի շնորհահանդէսը։ Վէպը կը պատմէ Արշալոյս Մարդիգանեան անունով 16-ամեայ աղջկան մը մասին, որ Ցեղասպանութեան օրերուն յաջողած է ազատիլ եւ հասած է Միացեալ Նահանգներ։ Այս վէպը ստեղծուած է Հոգիների աճուրդ ժապաւէնին հիման վրայ, որ նկարահանուած էր 1918-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ ժապաւէնը պատրաստուած է Արշալոյս Մարդիգանեանի ՜՜Խոշտանգուած Հայաստան՝՝ գիրքին հիման վրայ։ Գիրքին մէջ, հեղինակը պատմած է իր ընտանիքին պատմութեան մասին, այսպէս յայտնած է ընկերային եւ մասնագիտական առաջընթաց հիմնադրամի տնօրէն Սօսի Կեւոնեան։ Ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութեան մասին հրատարակուած են քանի մը տասնեակ գիրքեր, որոնց պատճառով որոշած է դիմել կրաֆիքական սեռին։ Կեւոնեան, որ գիրքին հրատարակութեան հովանաւորն էր, յայտնած է, որ գիրքը հաւանաբար հրատարակուի միայն անգլերէնով, որովհետեւ ուղղուած է օտարազգի ընթերցողներուն, ա՛յն հեռանկարով, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իմացողներուն թիւը բարձրանայ։ Վէպի հեղինակ եւ նկարիչ Տիգրան Մանգասարեան յայտնած է, որ գծանկարչական (կրաֆիքական) վէպի ընթերցման ժամանակ ընթերցողը կրնայ ժամանակ խնայել եւ յստակօրէն պատկերացնել նկարագրուող իրադարձութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.