2009-05-18 07:57:10

Առաքելական ճամբորդութեան մը տպաւորութիւնները
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայ Առաքելական պատրիարքարան։


Առաքելական ճամբորդութեան մը տպաւորութիւնները

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր այս վերջին ճամբորդութեան ընթացքին շատ խօսեցաւ խաղաղութեան մասին. 30 ճառ` մէկ պատգամ` ՜՜խաղաղութիւն հրեաներու ու պաղեստինցիներու միջեւ, խաղաղութիւն հրեաներու , մահմետականներու ու քրիստոնեաներու միջեւ, խաղաղութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, խաղաղութիւն համայնքներու միջեւ, սրտերու մէջ, Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհի մէջ՝՝։

Այս ուխտագնացութեան ընթացքին ի յայտ եկաւ թէ ՜՜որքան դժուար է խաղաղութիւնը՝՝։ Նորին Սրբութիւնը ուխտագնացութիւնը կատարեց ոչ միայն Ս. Երկիր այլ եւ մասնաւորապէս սրտերուն մէջ։ Ան անցաւ ոչ միայն քրիստոնեայ վայրերու մէջ այլ եւ մահմետական ու հրէական սրբավայրերէն։ Իւրացուց երեք կրօններու զգացումները։ Ան եղաւ Քահանայապետը՝ ոչ միայն քրիստոնեաներու այլեւ քահանայապետը բոլորին։ Ան Ս. Երկիր եկաւ Աստուծմէ խնդրելու փլուզումը բաժանումի պատերուն։ Հռոմի Պապը իր ուխտագնացութիւնը եզրափակեց յոյսի բացագանչումով. ՜՜թող վերջ դրուի արիւնահոսութեան, վերջ դրուի ահաբեկչութեան ու պատերազմի՝՝։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայ Առաքելական պատրիարքարան։

Ուրբաթ օրը, 15 Մայիս 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կատարեց հայ առաքելական պատրիաքարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ ծերունազարդ՝ 90-ամեայ պատրիարք՝ Թորգոմ Մանուկեանին ու վանականներուն հետ։ Այցելելէ ետք՝ ՜՜Ս. Յակոբ՝՝ վանքն ու եկեղեցին, որ կը գտնուի հին Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ, նորին սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց ըսելով.՜՜Մեր այսօրուան հանդիպումը, յատկանշուած է սիրալիր ու բարեկամական մթնոլորտով, քայլ մը եւս, կը խթանէ մեզ դէպի կատարեալ միութիւն։ Վերջին տասը տարիներուն փորձարկեցինք, Աստուծոյ շնորհքով, շօշափելի աճում մը կաթողիկէ եւ հայ առաքելական եկեղեցիներու միջեւ ու մեր յարաբերութիւններու մէջ։ Ինծի համար մեծ շնորհք եղաւ հանդիպումս անցեալ տարի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ.ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ։ Անոնց հետ առիթը ունեցայ միասնաբար աղօթելու եւ ամրապնդելու բարեկամութիւնը. ու հաստատեցինք մեր յանձնառումը քրիստոնեաներու միութեան դատին ի խնդիր։ Գոհութիւն կու տամ Աստուծոյ որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու հետ միասին կը շարունակէ աստուածաբանական երկխօսութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ։ Այս երկխօսութիւնը, աղօթքով ընկերացած, յառաջդիմութիւն արձանագրած է ու գերազանցած անցեալի անհասկացողութիւնները եւ ապագայի համար խոստմնալից է։ Յոյսի մեծ նշան է, վերջերս ստորագրուած՝ ''Եկեղեցւոյ բնութիւնը ու առաքելութիւնը'' վաւերաթուղթը։ Խառն յանձնախումբի աշխատանքը յանձնենք Ս. Հոգւոյն ճշմարտութեան ու իմաստութեան, որպէսզի առատ պտուղ տայ Քրիստոնեաներու միութեան աճումին ի խնդիր, ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ՜՜Երուսաղէմի հայ համայնքին՝՝ մասին ըսելով. ՜՜Քրիստոնէութեան արշալոյսին իսկ՝ Երուսաղէմի հայ համայնքը ականաւոր պատմութիւն ունեցաւ, յատկանշուած՝ վանքերու ծաղկումով ու ծիսական աւանդութեամբ։ Երուաաղէմի պատրիարքութիւնը, Ս. Յակոբի տաճարն ու վանքը եւ մշակութային կեդրոնները վկայութիւն կու տան այս երեւելի ու երկարատեւ պատմութեան։ Կ'աղօթեմ որպէսզի ձեր հասարակութիւնը շարունակէ ըլլալ լուսաւոր վկայութիւն մը քրիստոնէական հաւատքին, այս սուրբ քաղաքին մէջ։ Միաժամանակ կ՝աղօթեմ ձեր համայնքին համար եւ ձեզմէ կը խնդրեմ որ հետս աղօթէք Ս. Երկրի բոլոր քրիստոնեաներու համար, որպէսզի եռանդով եւ վեհանձնութեամբ միասնաբար աշխատին Աւետարանի ծաւալումին համար։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց Թորգոմ պատրիարքին՝ իր բարի գալուստի սիրալիր խօսքին համար, հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը Ս. Երկրի հայ առաքելական եկեղեցւոյ կղերին ու հաւատացեալներուն ։ Թող Յարուցեալ Քրիստոսի ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը միշտ ձեր վրայ մնան։








All the contents on this site are copyrighted ©.