2009-05-16 12:23:30

Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Ս. Երկիր. ողջերթի արարողութեան Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Ս. Երկրի բնակիչներուն ՜՜Խաղաղութեան բաղձանքը՝՝։


Հռոմ վերադարձին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ողջունեց իրեն ընկերացող լրագրողները եւ իր տպաւորութիւններուն մասին արտայայտուելով ըսաւ որ ՜՜ականատես եղաւ Ս. Երկրի բնակիչներու խաղաղութեան մեծ բաղձանքին։ ՜՜Ամէնքս տեսանք ու շօշափեցինք գոյացող՝ մեծ դժուարութիւնները խաղաղութեան հաստատումին համար, սակայն բոլորին բաղձանքն է խաղաղութեան հասնիլ ։
Ս. Երկիր եկայ որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը, եւ կը յուսամ որ շատերը հետեւին իմ այս հետքերուն՝՝։ Ապա, Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց ՜՜մահմետականներու, հրեաներու եւ քրիստոնեաներու մօտ՝՝ վճռական կամքը միջկրօնական երկխօսութեան, համագործակցութեան ու կրօններու միջեւ հանդիպումի։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց ՜՜համամիութենական քաջալերական մթնոլոտը՝՝։
Իր կարգին կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին, պատասխանելով ՜՜Իլ Ճիորնալէ՝՝ իտալական օրաթերթի սա հարցումին. ՜՜Ի՞նչու Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ Ս. Երկրի քրիստոնեաները դիմադրելու եւ չհեռանալու երկրէն հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝՝։

-Կարտինալ Սանտրի պատասխանեց. ՜՜Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Ս. Երկրին մէջ հիմնական է։ Յիսուսի երկրաւոր կեանքի պատմական վայրերը, կարիքն ունին ողջ քարերու։ Բնականաբար քրիստոնեաներու կացութիւնը դժուար է, սակայն Սրբազան Քահանայապետը իշխանութիւններէն կը խնդրէ որ իրենց կարելին ընեն որպէսզի քրիստոնեաները կարենան ՜՜տոկալ դժուարութիւններուն՝՝։ Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը կը սատարէ խաղաղութեան ու համակեցութեան։

Ապա կարտինալ Սանտրին պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետին կեցուածքին ՜՜Պաղեստինի ժողովուրդին նկատմամբ՝՝ հարցումին՝ ըսաւ. ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յայտնեց իր մօտիկութիւնը պաղեստինեան ժողովուրդի տառապանքին եւ վերակրկնեց Ս. Աթոռի դիրքը երկու պետութիւններու ստեղծումին հարկաւորութեան, ապահով սահմաններով՝ ու ճանչցուած միջազգային հասարակութենէն։ Նոյնպէս խնդրեց որ վերջ դրուի զինեալ ընդհարումին եւ հրաւիրեց երիտասարդները որ չզիչին ահաբեկչութեան փորձութեան։ Բաժանումի պատերը պիտի չիյնան եթէ նախապէս չկոտրենք մեր սրտերու շուրջ կառուցուած պատերը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.