2009-05-16 13:52:22

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՊԷՆԷՏԻԿՏՈՍ ԺԶ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ Կ'ԱՅՑԵԼԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ։ Սրբազան Հայրը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը այցելեց Ուրբաթ, Մայիս 15ին, ուր զինք դիմաւորեցին Պատրիարք Թորգոմ Արք. Մանուկեան, լուսարարապետը եւ Պատրիարքական փոխանորդ Նուրհան Արք. Մանուկեան, ինչպէս նաեւ միաբանութեան անդամները ու Երուսաղէմի հայ հաւատացեալները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ հաւաքուած ներկաներուն առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Պէնէտիկտոս ԺԶ Պատրիարքին հետ հանդիպումը նկատեց բոլոր քրիստոնեաները միացնելու նպատակին ծառայող քայլ մը, ողջունելով՝՝Երուսաղէմի վաղեմի հայկական բաժինին մէջ՝՝ իրեն ցուցաբերուած հիւրընկալութիւնը: Պապը նշեց թէ կաթողիկէ եւ հայկական եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերջերս զգալիօրէն սերտացած են, ակնարկելով կաթողիկոսներ Գարեգին Բ.ի ու Արամ Ա.ի հետ Վատիկանի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն, որոնց միջոցով կաթողիկէ եկեղեցին սերտացուցած է նաեւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ իր յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԴՐՈՒՄ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՆՁԵՐՈՒՆ։ Հայաստանի Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր մը ստորագրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մարզին մէջ ներդրում ունեցող անձերուն մրցանակ շնորհելու մասին։ 2008 թուականի մրցանակին արժանացած են Փրոֆ.Վահագն Տատրեան (Միացեալ Նահանգներ) Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործին մէջ ներդրած նշանակելի գիտական աւանդին համար։ Ապա Վոլֆկանկ Կուսթ (Գերմանիա) Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող գերմանական արխիւային փաստաթուղթերը գիտական շրջանառութեան մէջ դնելու եւ մեկնաբանելուն համար։ Նշենք որ Փրոֆ. Վահագն Տատրեան,կրտսեր եղբայրն է Պոլսահայ ծանօթ գրագիտուհի , յիսունական թուականներու ՊԱՐՏԷԶ մանկական ամսաթերթի հրատարակիչ հանգուցեալ Օրիորդ Ատրինէ Տատրեանի ։



ՄՈՍԿՈՒԱՅ։ ԻՆԿԱ ԵՒ ԱՆՈՒՇ ԱՐՇԱԿԵԱՆՆԵՐԸ ԲԵՄ ԿՈՒԳԱՆ ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ։

Այս գիշեր Մոսկուայի մէե տեղի ունեցող Eurovision Եւրոպական Երաժշտական Մրցումի աւարտական փուլէն ներս Հայաստանի ներկայացուցիչները Ինկա եւ Անուշ Արշակեան քոյրերը հանդէս կուգան ՝՝ՋԱՆ-ՋԱՆ՝՝ երգով։ Իրենց ելոյթնախատեսուած է 9-րդ շարքի վրայ։ Այս առթիւ ՌատիօՎատիկանի հայկական հաղորդումներու անձնակազմի՝ յաջողութեան մաղթանքները Ինկա եւ Անուշ Արշակեան քոյրերուն։



ՈՒԺԳԻՆ ՊԱՅԹՈՒՄ ՝՝ՆԱՅԻՐԻՏ՝՝ ԳՈՐԾԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ։ ՝՝Նայիրիտ՝՝ գործարանի մամլոյ քարտուղար Անուշ Յարութիւնեան Մայիս 14-ին լրագրողներուն հաղորդած է որ ՆԱՅԻՐԻՏ գործարանի արտադրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է ուժեղ պայթում մը։ Առաջին տուեալներու համաձայն արձանագրուած են 3 զոհեր եւ ութը վիրաւորներ,սակայն պատահարի մանրամասնութիւններու մասին ոչինչ հաղորդած է մամլոյ քարտուղարը։ Յարակից շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի բնակիչներուն համար տեսանելի եղած է սեւ ծուխի մեծ գոյացութիւն գործարանին վրայ, իսկ պայթումին ձայնը լսելի եղած՝նոյնիսկ Երեւանի կեդրոնական մասերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.