2009-05-15 13:42:42

Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ՜՜Սարսափահար Աղաւնին՝՝ մէկ արարով թատերգութիւնը ներկայացուցին իտալացի դերասաններ


Հռոմի մէջ զանազան ձեռնարկներով նշուեցաւ հայազգի գրող հրապարակախօս լրագրող եւ Պոլիս լոյս տեսնող Ակօս երկլեզու շաբթաթերթի տնօրէն Հրանդ Տինքի յիշատակը։ Անոնցմէ յիշենք Մայիս 12, 13 եւ 14-ին Հռոմի Tordinona թատրոնի մէջ ներկայացուած ՜՜Սարսափահար Աղաւնին՝՝ մէկ արարով թատերգութիւնը, որ մեծապէս հետաքրքրեց հայ եւ իտալացի հանդիսատեսերը ։

՜՜Սարսափահար Աղաւնին՝՝ գրած էր 2008-ին իտալացի վիպասան եւ լրագրող Raffaele Aufiero եւ ահա զայն կը ներկայացնեն իտալացի դերասաններ։

Դէպքը՝ որ կը պատահի Պոլսոյ մէջ, Հռոմէական բեմին վրայ կը պատկերացուի խորքային տեսարանով. պաստառի վրայ ՜՜մէկ կողմէն ծով իսկ միւս կողմէն մինարէներու եւ գմբէթներու նկարը՝՝ ։ Լրագրողը Հրանդ Տինք իր ցաւն ու կսկիծը կը յայտնէ Թուրքիոյ մէջ 301 օրէնքին համար ՜՜դաժան ու խիստ օրէնք մը ՝՝ որ ան կը ջանայ դարձնել՝ տակնուվրայ ընել այս թիւը...(այսինքն կ՝ուզէ փոխել օրէնքը...)

Թալէթ իմաստուն ծերունին, իրազեկ կացութեան ու միաժամանակ յոռետես անձ մըն է. կը ջանայ մէկ կողմէն ընդվզած՝ քաջալերել լրագրողը որ իր գրիչով արտայատէ իր գաղափարները, արդար ու խաղաղ երկխօսութեան մը համար, միւս կողմէն կը զգուշացնէ աղջնակը որ միշտ արթուն մնայ, նախատեսելու վտանգները, սակայն ան սարսափի կը մատնէ Աղջնակը՝ որ չուզեր տեսնել Տինքի նման բարի մարդուն մելամաղձոտ վիճակն ու դժուարութիւնները, կը տառապի անոր սպաննութեան համար ... ու թիւ 301-ը որ տակնուվրայ եղած ըլլալ կը թուէր, կը դառնայ իր նախկին վիճակին...այսինքն ՜՜տակաւին հեռու են... մարդու իրաւունքն ու խօսքի ազատութիւնը

Tordinona թատերասրահը ներկայ էին մեծ թիւով իտալացի եւ հայ հանդիսատեսեր որոնց իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց հեղինակը, ներկայացման աւարտին, մասնաւոր շնորհակալութեան խօսք ուղղելով Հ Հ դեսպանատան ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Կարինէ Դանիէլեանին ու Հայրենի հիւրերուն (որոնք կրցան հետեւիլ ներկայացման, շնորհիւ՝ հայերէնի թարգմանուած գրքոյկին, գործ՝ Սօնիա Նիւրփէթլեանի, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Հռոմաբնակ հայերուն ու բոլոր հանդիսատեսերուն որոնք իրենց ներկայութեամբ՝ ՜՜կը յարգեն յիշատակը հանգուցեալ լրագրող Հրանդ Տինքին ու ամէն անոնց որոնք զոհ գացին մոլեռանդ ազգերու բռնարարքներուն՝՝։

Գալով՝ դերասաններուն, անոնք ըլլալով հանդերձ իտալացիներ մեծ ապրումով ներկայացուցին հայուն կրած դժուարութիւնները հետեւանք թիւ 301 օրէնքին. Անոնք իրենց դերերը լաւագոյն կերպով կատարեցին. Փիէր Լուիճի Լիթթէրան՝ որ կը ներկայացնէր Հրանդ Տինքը շատ համոզիչ էր , իր մէջ ունէր Տինքի ապրած մղձաւանջը։ Նաեւ Դէոտորա Նատոլէանուն՝ որ աղջնակին դերը կը կատարէր իսկական մարմնաւորումն էր հեղինակին կողմէ երեւակայած անձին ՜՜ջինջ, զգայուն ու միաժամանակ հաստատամիտ կեցուածքով՝՝ ։ Րէնաթօ Գաբիթանի՝ որ Թալէթի դերը կը կատարէր ու նաեւ բեմադրիչն էր, կ՝ապրէր այս ծերունի իմաստունին ժամանակը եւ իրավիճակը ...

Եզրափակիչ երաժշտութիւնը եւ վերջին տեսարանը շատ լաւ ընտրուած էր որով հանդիսատեսը կը մնար սառած վիճակի մէջ. արդեօք արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ՞...։ Այս անորոշութենէն ՝ առկախ վիճակէն ետք ... արդեօք յոյս կա՞յ բարեփոխումի մը... քանի որ վերջին լուր տեսարանը նաեւ արտայատիչ էր . կը լսուի հրացանի գնդակներու ձայնը միաժամանակ կը կապուի Ծերունի Թալէթի բերանը՝ կարմիր ժապաւէնով մը ու ձեռքերը՝ չուանով մը, ճերմակ դիմակը երեսը կը գոցէ ու այսպէս ան այլեւս չի կրնար արտայայտուիլ, ոչ ալ խօսիլ ու գործել:








All the contents on this site are copyrighted ©.