2009-05-14 14:17:54

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայ նշանաւոր գրագէտ Զապէլ Եսայեանի ծննդեան 130-ամեակի նշում Սուրիոյ Հայաշատ քաղաք Հալէպի մէջ,


Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Ս Խաչ եկեղեցւոյ՝ ՜՜Արարատեան՝՝ սրահին մէջ , հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ կազմակերպութեամբ ՜՜Ազգային Մշակութային Միութեան՝՝ տեղի ունեցած է հայ նշանաւոր արձակագիր եւ հրապարակագիր՝ Զապէլ Եսայեանի ծննդեան 130-ամեակին նուիրուած դասախօսական երեկոյ մը։

Օրուան բանախօսն էր Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած հրապարակագիր , խմբագիր ու ծանօթ մտաւորական Պարոյր Աղպաշեանը որ վեր առած է Եսայեանի արժէքները ըլլայ որպէս գրագիտուհի եւ ըլլայ որպէս հայ ու կին...։

Նախքան բանախօսութիւնը՝ գործադրուած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը որուն ընթացքին Ռուզան Պարսումեան դաշնակի վրայ նուագած է Բարսեղ Կանաչեանէն՝ Օրօրը եւ Առնօ Պապաջանեանէն՝ Մեղեդին ու Էլէկիան։ Ապա Թամար Խապայեան կարդացած է Զապէլ Եսայեանի ՜՜Աւերակներու մէջ՝՝ երկէն ՜՜Պատարագը՝՝ հատուածը։

Երեկոյի աւարտին բեմ հրաւիրուած է Արհի. Պետրոս Արք Միրիաթեան, որ բարձր գնահատած է ՜՜ Ազգային մշակութային միութեան կատարած աշխատանքը՝ հայ մշակոյթի պահպանման ի խնդիր։ Ապա շնորհաւորած է օրուան բանախօսը ու պատուած զայն յատուկ յուշամետալով մը՝՝ Հուսկ Գերապայծառը իր խօսքը եզրափակած է ըսելով ՜՜Ազգ մը, որ գիտէ գնահատել իր անցեալի փառքերն ու արժանիքները, անտարակոյս անմահ կը մնայ՝՝։



Յունաստան- Արուեստագէտ Գագիկ Ալթունեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս Աթէնքի մէջ

Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան շէնքէն ներս 13 Մայիսին, բացումը կատարուած է գեղանկարիչ-քանդակագործ Գագիկ Ալթունեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին որ պիտի տեւէ մինչեւ 22 Մայիս ։

Սոյն ցուցահանդէսը կը պարունակէ ծանօթ արուեստագէտին՝ Գագիկ Ալթունեանին վերջին տարիներու աշխատանքները եւ նուիրուած է հայ ժողովուրդի մայիսեան փառապանծ յաղթանակներուն։



Լեռնային Ղարաբաղի քարտէսը Թեհրանի գրքի միջազգային տաղաւարին։

Թեհրանի գիրքի միջազգային 22-րդ ցուցահանդէսին այս տարի եւս մասնակցած է Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը ։ Ազրպէյճանի դեսպանատան ներկայացուցիչները ՜՜Հայկական Տաղաւար՝՝ այցելած են եւ նշմարած՝ Լեռնային Ղարաբաղի քարտէսը, եւ դեսպանը պահանջած է վերցնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քարտէսը, սակայն հայկական տաղաւարի ներկայացուցիչները դիմելով ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն ստացած են դրական պատասխան, որ է ՜՜ քարտէսը պէտք է մնայ իր տեղը՝՝ ըսած է Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան Ալիք օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ։










All the contents on this site are copyrighted ©.