2009-05-13 13:56:44

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան 6-րդ օր եւ առաքելական ճամբորդութեան երրորդ ու վերջին հանգրուանը. ՜՜հանդիպում Պաղեստինի ժողովուրդին հետ.Ս. Պատարագ Բեթղեհէմ քարայրի հրապարակին վրայ, այցելութիւն Գարիդասի մանկաբուժարանին ու գաղթականներու հետ հանդիպում Այտա գաղթավայրին մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան 6-րդ օրը ամբողջովին նուիրուած է Պաղեստինի ժողովուրդին հետ հանդիպումով։ Առաւօտեան ժամը 8.45ին Նորին սրբութիւնը ուղղուեցաւ Երուսաղեմէն Բեթղեհէմ։ Ժամը 9-ին ընդունուեցաւ Պաղեստինի նախագահ՝ Մահմուտ Ապպասէն նախագահական պալատին մէջ, ուր նորին սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց յատնելով իր հոգատարութիւնը հանդէպ Պաղեստինի տառապեալ ժողովուրդին, մանաւանդ վերջերս Ղազայի պատերազմին համար։ Սրբազան հայրը քաջալերեց զանոնք յուսալով որ մօտ ապագային մէջ արդար լուծում մը գտնուի ընդհարումին եւ ստեղծուին երկու պետութիւններ մէկը միւսին քով եւ որոնք ապրին խաղաղութեամբ եւ անվտանգութեամբ, հիմնուած՝ արժանաւորութեան յարգանքին ու բոլորին իրաւունքին։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը պարզեց Ս. Աթոռի դիրքը Ս. Երկրի ապագային նկատմամբ։ Ս. Աթոռը կ'ուզէ որ Պաղեստինը անկախ եւ ինքնավար պետութիւն մը դառնայ ճանչցուած՝ միջազգային հասարակութենէն։
Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու միջեւ կարելի է հաստատել արդար եւ խաղաղ համակեցութիւն մը, պայմանաւ որ փոխադարձ յարգանք ու համագործակցութիւն մը հաստատուի բոլորին կողմէ, ահա ասոր համար միջազգային հասարակութենէն կը խնդրեմ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) որ իր սատարը բերէ լուծում մը գտնելու Միջին Արեւելքի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան համար։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը Պաղեստինի նոր սերունդէն խնդրեց որ իրենց սրտերէն հեռացնեն ոխակալութեան զգացումը, ՜՜քաջութիւնը ունեցէք (ըսաւ Սրբազան քահանայապետը) դիմադրելու փորձութեան եւ աշխատեցէք ըլլալու խաղաղութեան կերտիչներ, լաւագոյն ապագայ մը տալու՝ Պաղեստինին՝՝։

Բարի գալուստի արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ մատուցեց ՜՜Բեհղեհէմ՝՝ քարայրի հրապարակին վրայ, Յիսուսի Ծննդեան պազիլիքային առջեւ, աւելի քան 5.000 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը աղօթեց ՜՜Ողջ լեր Թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքը։ Իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց գտնուելու Դաւիթի քաղաքը ոչ միայն մեծարելու Յիսուսի ծննդեան վայրը այլեւ մօտ գտնուելու Բեթղեհէմի քրիստոնեաներուն։ Ողջոյնս կ'ուղղեմ Ղազայէն եկած ուխտաւորներուն եւ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ բոլոր զոհերուն համար։ Վստահ եղէք թէ դուք իմ աղօթքիս մէջ էք եւ ձեզ ամէնքդ կ`ողջագուրեմ։ Սրբազան Հայրը կը քաջալերէ Բեթղեհէմի քրիստոնեաները որպէսզի դառնան խմոր ընկերութեան։ Մի վախնաք ընդհանրական Եկեղեցին ձեզի հետ է ըսաւ Սրբզ. Հայրը։

Պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը քալելով ուղղուեցաւ ''Բեթղեհէմի նոր տուն'' կոչուած վանքը, ուր ճաշի մնաց տեղւոյն եպիսկոպոսներուն ու ֆրանչիսքեան հայրերուն հետ։ Վերոյիշեալ վանքը հիմնուած է հարիւր տարի առաջ, հիւրընկալելու Ս. Երկիրը եկած ուխտաւորները։ Յետմիջօրէին Նորին սրբութիւնը այցելեց Բեթղեհէմ քարայրի պազիլիքան ուր Յիսուս ծնաւ։ Պազիլիքան 12 մեթր երկարութիւն ունի, 3 մեթր լայն է եւ 3 մեթր բարձր։

Ապա Հռոմի Պապը այցելեց Գարիդասի մանկաբուժարանը, հիմնուած՝ 1978ին ընդունելով 80 պաղեստինցի մանուկներ։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց բժշկական անձնակազմը իր տարած աշխատնքին համար եւ մաղթեց որ շուտով խաղաղութիւնը հաստատուի այս հողամասին մէջ։ Եւ խօսքը ուղղելով հիւանդներուն բացագանչփց. ՜՜ Հռոմի Պապը ձեզի հետ է, ձեզ կ'օրհնէ եւ շուտափոյթ առողջութիւն կը մաղթէ՝՝։

Ժամը 16.30-ին Սրբազան Հայրը այցելեց Այտա կոչուած պաղեստինեան գաղթավայրը մատակարարուած՝ Միացեալ Ազգերու գաղթականութեան գրասենեակէն։ Այս գաղթավայրը՝ ՜՜կը հիւրընկալէ 5000 պաղեստինցիներ եւ ողջ օրինակ կը նկատուի իսլամ քրիստոնեայ համակեցութեան՝՝։

Երեկոյեան ժամը 18-ին նախատեսուած է կրկին հանդիպում մը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին եւ Պաղեստինի նախագահ՝ Մահմուտ Ապպասի միջեւ, Բեթղեհէմի նախագահական պալատին մէջ։ Նոյնպէս նախատեսուած է Սրբազան Պապին հանդիպումը Կազայի եւ անդրյորդանանի հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։

Հուսկ՝ ժամը 18.40-ին Նորին Սրբութիւնը կրկին Երուսաղէմ կը դառնայ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.