2009-05-12 14:14:19

Լուրեր հայ աշխարհէն

«Հայկական համայնքը այս հինաւուրց քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի Դ. դարէն ։ Հայերը Երուսաղէմի մէջ կը փորձեն Չէզոք մնալ ։


«Բնականաբար, իւրաքանչիւր համայնք կը փորձէ իր կողմը գրաւել հայերը: Հիմնականին մէջ ամէն ջանք կը գործադրենք չեզոք մնալու համար» այսպէս ըսած է ՝ երուսաղէմաբնակ վաճառական մը 55-ամեայ Կարօ Սանդրունին՝ պատասխանելով օտարերկրեայ լրատուամիջոցներուն հարցումին: Ան բացատրած է, որ բարեկամական յարաբերութիւնները կը պահպանուին բոլորին հետ: «Հայկական համայնքը այս հինաւուրց քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի Դ. դարէն: Այժմ ընդամէնը 1.500 հայեր մնացած են: Բոլորն ալ (ըսած է ան) իրարզիրար կը ճանչնան: Ունինք դպրոցներ, թանգարաններ, եկեղեցիներ, եւ գործօն կազմակերպութիւններ։ Համայնքը կը շարունակէ մնալ լաւ կազմակերպուածՙ հակառակ քաղաքական փոփոխութիւննեուն, որոնք որոշ իմաստով փոխած են քաղաքին դէմքը: Դժուար եղած է ապրիլը: Մարդիկ աւելի կրօնամոլ դարձած են: Բայց պաշտամունքի տեսակետէն որեւէ խնդիր չունինք: Կարող ենք ազատ եկեղեցի երթալ եւ մասնակցիլ արարողութիւններուն:

Եւրոպական Եկեղեցիներու խորհուրդի ''Եկեղեցիները Երկխօսութեան մէջ'' յանձնախումբի 6-րդ հանդիպումը Սպանիոյ մէջ։



Սպանիոյ Մալագա քաղաքին մէջ 11-14 Մայիս 2009, տեղի կ' ունենայ Եւրոպական Եկեղեցիներու Խորհուրդի ''Եկեղեցիները Երկխօսութեան մէջ'' յանձնախումբի 6-րդ լիանիստ հանդիպումը։

Հանդիպման թեման է՝` Կրօններու աստուածաբանութիւնը, Փոքրամասնական և մեծամասնական Եկեղեցիներու փոխյարաբերութիւնները։ Յիշեալ ժողովին, հայ եկեղեցին կը ներկայացնէ Եզնիկ արք. Պետրոսեան։

 

Օտար լրագրողներու Համար Ճանաչողական այց դէպի Հայաստան։

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան Մայիս 8ին հաղորդած է որ նախարարութիւնը օտարերկրեայ լրագրողներու համար, Մայիս 27էն մինչեւ Յունիս 2 կը կազմակերպէ ճանաչողական այցելութիւն մը դէպի Հայաստան: Այս ուղղութեամբ ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան ՄԱԿի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ: «Դա եւս մէկ առիթ է Հայաստանը օտարերկրացիներին ներկայացնելու համար», ըսած է վարչութեան պետը՝ յայտնելով, թէ նախորդ տարի նոյնպէս գործադրուած էր նման ծրագիր մը, որուն շրջագիծէն ներս Հայաստան ժամանած էին լրագրողներ Իտալիայէն եւ ծանօթացած, թէ ինչպիսի՛ պայմաններ ստեղծուած են Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու համար:

Խաչքարաձեւ Հայկական Տառերու Ցուցահանդէս

 Միացեալ Նահանգներ- 8 Մայիս 2009-ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած է իւրայատուկ ցուցահանդէս մը Հայկական Ցեղասպանութեան 94րդ տարելիցին ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, Կազմակերպութեամբ Մաշտոց քոլէճին։  Սոյն ցուցահանդէսին, առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի հանրածանօթ արուեստագիտուհի Յասմիկ Գլճեանի երկար տարիներու արգասիքը հանդիսացող խաչքարաձեւ հայկական տառերու տպաւորիչ հաւաքածոն: Իւրաքանչիւր տառ շքեղօրէն ներկայացուած է խաչքարերու կերպարով եւ ազգային խորհրդանիշներու գործածութեամբ: 

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան օրուան նշում։

Հ Հ նախագահը Սերժ Սարգսեան ՜՜Յաղթանակի եւ խաղաղութեան՝՝ օրուան առիթով հայ ժողովուրդին յղած իր ուղերձին մէջ ըսած է որ ՜՜1992-ի մայիսեան այս օրերուն, Շուշիի ազատագրումով, մեզի պարտադրուած պատերազմին ընթացքին ապացուցեցինք, որ պատրաստ ենք որեւէ պահու նաեւ զէնքով պաշտպանելու մեր արժէքները, մեր ժողովուրդի ազատութեան, անկախութեան եւ խաղաղ կեանքի իրաւունքը՝՝։ Տօնական ձեռնարկները Արցախի մէջ սկիզբ առին 9 Մայիսի կանուխ առաւօտեան։ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի զօրախումբերը հանդիսաւոր տողանցք կատարեցին Ստեփանակերտի մէջ։ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար այլ անձեր այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին երկու հայկական հանրապետութիւններուն նախագահները։ Յաղթանակի օրուան նուիրուած ձեռնարկները շարունակուեցան նաեւ Շուշի բերդաքաղաքին մէջ։ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան յարգանքի տուրք մատուցեցին Վազգէն Սարգսեանին, որուն յուշարձանը կանգնած է քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.