2009-05-12 13:17:51

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ԿՈՉ Կ'ԸՆԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ։ Պէնէտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Երուսաղէմի մէջ յայտարարեց որ շրջանին խաղաղութեան համար կենսական է Պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատումը։ Նորին Սրբութիւնը նախ քան Յորդանանի մէջ կրօնքներու միջեւ հանդուրժողականութեան ի խնդիր կոչ ըրաւ։

ՓՐԱԿԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՄԻԱՅՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ

ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՑ ՏԻԳՐԱՆ ԲԱԼԱՅԵԱՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան լրատուամիջոցներու հետ կապի բաժանմունքի վարիչ Տիգրան Բալայեան երէկ հերքեց այն յայտարարութիւնները, թէ Փրակայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ժամանակ քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն զօրքերու հեռացման հարցը։

7 մայիսին Փրակայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին տարածքներէն հեռանալու հարցը ընդհանրապէս չէ քննարկուած։ Քննարկումները հիմնականին մէջ ընթացած են Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ, եւ ատիկա բնական է, քանի որ այդ հարցը Արցախեան հիմնախնդիրի լուծման կեդրոնական հարցն է(ըսած է Տիգրան Բալայեան)։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ՝ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՐԵՆՑ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՇԵՇՏԵՆ։ 7 Յունիսին նախատեսուած Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութեանց նախօրեակին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վերահաստատեցին Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան նկատմամբ իրենց ընդդիմութիւնը։ Մերքել, որ զօրավիգ կը կանգնի Թուրքիոյ հետ առանձնաշնորհեալ գործընկերութեան մը գաղափարին, յայտնեց, որ ՝՝չենք կրնար Եւրոպայի մէջ ամէն երկիր իբրեւ լիիրաւ անդամ ընդունիլ՝՝։ Մերքել նշեց, որ եւրոպական ընտրական արշաւի ընթացքին ժողովուրդին ճիշդ կըլլայ ըսել, թէ մեր դիրքորոշումն է՝ Թուրքիոյ հետ միայն գործընկերութիւն մը, սակայն ոչ ամբողջական անդամակցութիւն։ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր կարգին յայտնեց, թէ երբ Անկելա Մերքել կը յայտնէ, որ Եւրոպա պէտք է սահմաններ ունենայ, ան ճիշդ կըսէ, որովհետեւ առանց սահմաններու Եւրոպայ մը առանց կամքի, առանց ինքնութեան, առանց արժէքներու Եւրոպայ մը պիտի ըլլայ։ Ան նախապէս գերմանական ՝՝Սոնընթակ՝՝ օրաթերթին յայտնած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է դադրի Թուրքիոյ անիրական խոստումներ տալէ եւ անոր հետ պէտք է ուսումնասիրէ հասարակաց մեծ տնտեսական ու մարդկային տարածքի մը ստեղծումը։ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութեանց սկսած էր 2005-ին։

ԻՆԿԱ ԵՒ ԱՆՈՒՇ ԱՐՇԱԿԵԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒԳԱՆ ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ EUROVISION-ի ԲԵՄԷՆ ՜՜ՋԱՆ-ՋԱՆ՝՝ ԵՐԳՈՎ։ Այս գիշեր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Eurovision Եւրոպական Երաժշտական Մրցումի ծիրէն ներս Հայաստանի ներկայացուցիչները Ինկա եւ Անուշ Արշակեան քոյրերը հանդէս կուգան ՝՝Ջան-Ջան՝՝ երգով։ Մրցումի ներկայացման 6-րդ շարքի վրայ նախատեսուած է Հայաստանի ելոյթը։Երաժշտական մրցաշարքի առաջին նախաւարտական փուլն է այս որ տեղի կ'ունենայ այս գիշեր։Մրցումի աւարտական փուլը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ գիշեր 16 Մայիսին Մոսկուայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.