2009-05-11 12:59:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ուխտագնացութիւնը Ս. Երկիր մայիս 8-15։


Ճամբորդութեան չորրորդ օրը` 11 Մայիս 2009, Նորին Սրբութիւնը ողջերթի արարողութենէն ետք կը թողու Ամմանը Իսրայէլ մեկնելու համար, ուր կը սկսի Ս. Երկրի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը։

Ամմանի մէջ Սրբազան Հօր հանդիպումը իրաքցի քրիստոնեայ փախստականներու մէկ խումբին հետ։



Կիրակի 10 Մայիս 2009-ի՝ Սուրբ պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ իրաքցի քրիստոնեայ փախստականներու հետ, (յայտնեց Վատիկանի բանբերը` Յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի) յարելով որ Սրբազան Քահանայապետին ուխտագնացութեան առաջին հանգրուանը շատ յաջող անցաւ։ Նշենք թէ Յորդանանը իր հողին վրայ կը հիւրընկալէ 700.000 իրաքցի փախստականներ, որոնք դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին։ Անոնց մէջ կան 70.000 քրիստոնեաներ։ Իրաքի մէջ տիրող՝ բռնութեան հետեւանքով ամէն ամիս տասնեակ հազարաւոր իրաքցիներ երկրէն կը գաղթեն։ Սուրիան եւ Յորդանանը ամենէն աւելի փախստականներ ընդունած են։ Սուրիա իր հողին վրայ ունի մէկ միլիոն 200 հազար փախստականներ։



Երկուշաբթի առաւօտ, 11 Մայիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ. առաքելական դեսպանատան մէջ պատարագ մատուցելէ ետք ուղղուեցաւ Ամմանի միջազգային օդակայանը, իր առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը կատարելու այն է .՜՜ Իսրայէլի ուխտագնացութիւնը։՝՝։

Ողջերթի արարողութեան մասնակցեցան Ապտալլա թագաւորը Րանիա Թագուհիին հետ միասին եւ Ղազի իշխանը։ Կէս ժամուայ թիչքէն ետք Յորդանանեան օդանաւը Թել Ավիւ էջք կատարեց։ Ժամը 11-ին Իսրայէլի նախագահ Սիմոն Բերես ընդունեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։ Բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսք մը արտասանեց ընդգծելով թէ ՜՜Ս. Երկիր կու գայ որպէս ուխտաւոր աղօթելու, եւ մասնաւորապէս աղօթելու՝ ՜՜ խաղաղութեան համար քաջալերելով քրիստոնեաները մնալու Ս. Երկրին մէջ եւ նպաստելու խաղաղութեան հաստատումին՝՝։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ կրօնքի դերին մասին ընկերութեան մէջ եւ անդրադառնալով հրեայ ժողովուրդին կրած ջարդին նացիներու ձեռքով, ըսաւ. ՜՜աղօթքս է, որ մարդկութիւնը այլեւս բնաւ չ՝ապրի նման ողբերգութիւն մը՝՝։ Հուսկ Սրբազան հայրը խօսեցաւ Երուսաղէմի սրբազան վայրերու մուտքի ազատութեան մասին, եւ այսպէսով կ՝իրականանայ Եսայեայ մարգարէութիւնը, որով ան կը նախատեսէր բոլոր ազգերու զաւակներու մուտքը Աստուծոյ տունը, որպէսզի անոնց մատնանշէ ճանապարհը որու վրայ պէտք է քալեն` ՜՜Ճանապարհը խաղաղութեան, ճանապարհը արդարութեան՝՝, այս ճանապարհները կ`առաջնորդեն դէպի հաշտութիւն եւ ներդաշնակութիւն։ Ասոր հասնելու համար Աստուծմէ կը խնդրեմ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ լուսաւորէ պատասխանատուները որոնելու կարելիութիւնները, հաստատելու համար երկու պետութիւններ, ապահով սահմաններով ու ճանչցուած՝ միջազգային հասարակութենէն, որպէսզի երկու ժողովուրդները կարենան խաղաղութեամբ ապրիլ ու մեծարել Երուսաղէմ քաղաքին անունը որ կը նշանակէ ՜՜խաղաղութեան քաղաք՝՝։ Հուսկ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելով տեղւոյն եպիսկոպոսներուն ու հաւատացեալներուն ըսաւ.՜՜ Ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս Պետրոսի յաջորդը, իմ պաշտօնս կատարելու համար՝՝ ։ Նազարէթի մէջ Սրբազան Հայրը պիտի փակէ ընտանիքի տարին։

Բարի գալուստի արարողութեան աւարտին, Հռոմի Պապը Երուսաղէմ մեկնեցաւ պահ մը հանգիստ կատարելու,Երուսաղէմի առաքելական պատուիրակութեան տան մէջ, որ կը գտնուի ձիթենեաց լեռը։

Ժամը 16.30ին Սրբազան Հայրը այցելեց Երուսաղէմի նախագահական պալատը ուր ձիթենիի ծառ մը տնկեց։

Ժամը 17.45ին Պենետիկտոս ԺԶ. այցելելէ ետք ՜՜Եատ Վաշեմ` ողջակիզումի յիշատակարանը՝՝ ուր հանդիպում ունենալով՝ ողջակիզումէն վեց վերապրողներու հետ, ստորագրեց ոսկեմատեանը։

Մէկ ժամ ետք, Երուսաղէմի Տիրամօր նուիրուած կեդրոնին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ միջկրօնական ժողով մը, մասնակցութեամբ քրիստոնեաներու, հրեաներու եւ մահմետականներու, որոնք կը ներկայացնեն շուրջ 70 կազմակերպութիւններ։ Այս հանդիպումին աւարտին Նորին Սրբութիւնը պիտի օրհնէ Տիրամօր նուիրուած՝ համալսարանի առաջին քարը, որ պիտի կառուցուի Մակտալայի մէջ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.