2009-05-11 13:27:27

Ինչ կը Գրեն Յորդանանեան Օրաթերթերը Պէնէտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ամման Այցելութեան Առթիւ։


Ինչ կը Գրեն Յորդանանեան Օրաթերթերը Պէնէտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ամման Այցելութեան Առթիւ։



՝՝ԷԼՂԷՏ՝՝ Օրաթերթը իր առաջին էջի վրայ դնելով Պապին՝Ապտուլլահ Թագաւորին հետ միասին լուսանկարը կը վերնագրէ ՝՝ Թագաւորը ու Թագուհին կ'ընկերակցին Քահանայապետին դէպի Մկրտութեան վայրը. Նորին Սրբութիւնը Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներէն կը խնդրէ պահպանել իրենց արմատները։ Ապա այլ տիտղոս մը կը հայի Ամմանի մարզադաշտի Սուրբ Պատարագին որու ներկայ եղան հիսուն հազար հաւատացեալներ եկած նաեւ Լիբանանէն,Սուրիայէն,Իրաքէն ու Եգիպտոսէն։ Թերթի ներքին էջերու մէջ տեղ տրուած է նաեւ Ռատիօ վատիկանի ընդհա նուր տնօրէն եւ միաժամանակ Սուրբ Աթոռի բանբերը հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի կատարած բանաժողովին ,յորում Հայր Լոմպարտի արտայայտուած է Սրբազան Հօր ու Շքախումբի գոհունակութեան մասին ՝՝այս ուխտագնացութեան Յորդանանէն սկիզբ տրուած ըլլալուն համար ու նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան համար՝՝։



Նոյնպէս ՝՝ԱԼ ՌԱՅԻ՝՝ թերթը որպէս գլխաւոր լուր կ՝անդրադառնայ Սրբազան Հօր Թագաւորի ընկերակցութեամբ կատարած այցելութեան Յիսուսի Մկրտութեան վայրը։ Ապա թերթը կը մէջբերէ Նորին Սրբութեան Սուրբ Պատարագի առթիւ արտասանած քարոզի մէկ նախադասութիւնը, յորում Սրբազան Հայրը կը խնդրէ հաւատացեալներէն ՝՝ Ապրիլ հաւատքը ու սէրը եւ յառաջ տանիլ երկխօսութիւնը այլ կրօնքներու հետեւորդներուն հետ՝՝։ Նոյն թերթին վրայ իսլամ յօդուածագիր մը կը գրէ ՝՝ Պապը ուխտաւոր Յորդանանի մէջ՝սէր եւ խաղաղութիւն կ՝նծայէ մարդոց.քրիստոնեաները ու մահմէտականները կ'երաշխաւորեն կապին խորութիւնը երկու կրօնքներու հետեւորդներու միջեւ՝՝։

Իսկ ՝՝ԷՏՏՈՒՍԹՈՒՐ՝՝ օրաթերթը տեղ կուտայ երկու նոր Եկեղեցիներու քարերու օրհնութան ՝Յիսուսի Մկրտութեան վայրը։ Միւս կողմէ Յորդանանի Հաղորդկացութեանց Նախարարը կ՝արտայայտէ իր մեծ գոհունակութիւնը Սրբազան Հօր այցելութեան լրիւ յաջողութեան կապակցութեամբ։

Գալով ՝՝ԱԼ ԱՐԱՊ ԱԼԵԱՈՒՄ՝՝թերթին որ իր առաջին էջի վրայ կը դնէ Սրբազան Հօր Յորդանան կեցութեան լուրը,ընդգծելով թէ այսօր վերջ կը գտնէ Նորին Սրբութեան երրօրեայ այցելութիւնը Յորդանան։ Այսօր արդարեւ չորրորդ օրը Միջին Արեւելք Առաքելական Ճամբորդութեան, Պէնէտիկտոս ԺԶ.Ամմանէն փոխադրուեցաւ Թէլ-Ավիվ եւ հոն ժամանումէն անմիջապէս ետք մեկնեցաւ Երուսաղէմ։ Թերթը միաժամանակ երկար յօդուածներով կ՝անդրադառնայ Սրբազան Հօր մատուցած Սուրբ Պատարագին Ամմանի մարզադաշտին մէջ որու ներկայ եղան հիսուն հազար հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.