2009-05-09 13:37:08

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ուխտագնացութիւնը Ս. Երկիր


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ուխտագնացութեան երկրորդ օրը յատկանշուեցաւ ՜՜Հիւսէյն՝՝ թագաւորի անուան ՜՜Ամման՝՝ի մզկիթի՝՝ այցելութեամբ. Նորին սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ իսլամ կրօնապետերու եւ դիւանագիտական մարմնին հետ։

Սրբզ. Պապը նոյնպէս այցելեց ՜՜Նէպօ լեռը՝՝ ուր Մովսէս վախճանեցաւ։

Շաբաթ 9 Ապրիլ 2009, առաւօտ կանուխ, առաքելական դեսպանատան մէջ Պատարագ մատուցելէ ետք, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ ՜՜Նէպօ լեռը՝՝ որ կը գտնուի մայրաքաղաքէն 42 քիլոմեթր հեռու։ Ս. Գրքի աւանդութեան համաձայն, Մովսէս այս 800 մեթր բարձր ՜՜Նէպօ ՝՝լերան վրայ տեսաւ խոստացեալ երկիրը եւ հոն իր հոգին աւանդեց։

Սրբզ. Հայրը առաւօտեան, ժամը 9,15ին՝ այցելեց ՜՜Մովսէսի՝՝ յիշատակին նուիրուած՝ եկեղեցին, որ կառուցուած է Դ. դարուն։ Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանչիսքեան կրօնաւորներուն իրենց ներկայութեան համար Ս. Երկրին մէջ։ Ապա ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով ըսաւ. ՜՜ Մովսէսի նման մենք եւս Աստուծմէ կանչուած ենք մեղքի ստրկութենէն ձերբազատելու եւ յոյսով լեցուն նոր կեանք մը սկսելու։ Մենք կանչուած ենք Քրիստոսի Տիեզերական առաքելութիւնը շարունակելու՝ մեր բարի գործերով հանդէպ կարօտեալներուն եւ դառնալու միջոց՝ հաշտութեան, ներումի ու խաղաղութեան մեր շրջապատէն ներս։ Այդ կատարելով մասնակցած կ'ըլլանք փրկչագործութեան աշխատանքին՝՝։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ ՜՜Մապատա՝՝ քաղաքը օրհնելու համար լատին պատրիարքութեան ՜՜համալսարանի՝՝ առաջին քարը։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ժամը 10.30ին։ ՜՜Մապատան՝՝ եղած է հռոմէական քաղաք, եւ ծննդավայրը՝ ֆուատ Թուալ Երուսաղէմի լատիններու ներկայ պատրիարքին։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառին մէջ գնահատեց Յորդանանի կառավարութեան ջանքերը ընդհանրացնելու դաստիարակութիւնը երկրի բոլոր խաւերուն։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց կաթողիկէ թէ օրթոտոքս եկեղեցիները շարունակելու՝ իրենց աշխատանքը կրթական մարզին մէջ եւ ուրախութիւնը յայտնեց կաթողիկէ համալսարանի շինութեան համար, որմէ պիտի օգտուին շրջանի բոլոր երիտասարդները։



Ժամը 11.30ին Նորին Սրբութիւնը ՜՜Ամման՝՝ վերադարձաւ։ Այցելեց ՜՜Հիւսէյն՝՝ թագաւորին նուիրուած՝ մզկիթը, ընկերակցութեամբ՝ տեղւոյն իմամին։ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ Սրբազան Հայրը մզկիթ կը մտնէ, առաջինը տեղի ունեցաւ Իսդանպուլի մէջ ուր Նորին Սրբութիւնը այցելեց ՜՜Կապոյտ մզկիթը՝՝ 2006ի նոյեմբերին։

Նորին Սրբութիւնը ապա այցելեց Հաշիմիթներու թանգարանը, եւ հոն՝ տեսակցութիւն ունեցաւ իսլամ կրօնապետերու, դիւանագիտական մարմնի եւ Յորդանանի համալսարաններու ռեկդորներուն հետ։

Բարի գալուստի խօսքը արտասնեց Իշխան Ղազի Պին Թալալ։

Նորին Սրբութիւնը, իր արտասանած ճառին մէջ, ըսաւ թէ՝ Յորդանանը մեծ դեր կը կատարէ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու խաղաղ համակեցութեան գործին մէջ եւ ընդգծեց արքայական ընտանիքին սատարը միջկրօնական երկխօսութեան։

Յայտնենք թէ Իշխան Ղազի Պին Թալալ, Ապտալլահ թագաւորին հօրեղբօրորդին է եւ կրօնական հարցերու խորհրդատու։ Հոկտեմբեր 2006ին՝ ան եղաւ նախաձեռնողը՝ առաջին բաց նամակին, ուղղուած Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին։

Նորին սրբութիւնը ՜՜Մզկիթ՝՝ այցելութեան աւարտին, նուիրեց ՜՜խճանկար՝՝ մը որ կը ներկայացնէ ՜՜Աղաւնիներ Աւազանի մէջ՝՝։

Իսկ երեկոյեան ժամը 5. 30ին Յոյն Մելքիթներու ՜՜Ս. Գէորգ ՝՝ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ. Սրբազան հայրը գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը մասնակցութեամբ Յորդանանի կղերին ու եկեղեցական շարժումներուն, շուրջ հազար հաւատացեալ։

Յայտնենք թէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ներկայիս Յորդանան կը գտնուի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ՜՜Սուրբ Երկիր՝՝ ուխտագնացութեան առթիւ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը մասնակցի Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան առընչուող՝ շարք մը արարողութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.