2009-05-09 13:37:33

Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ

Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ Սուրբ Կոյս


Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ

Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ Սուրբ Կոյս



Անթառամ ծաղիկ, անդատապարտ շառաւիղ

Վերաբուսեալ արմատէն յիսսեան.

Եսայի կանխաւ քեզ վերակոչեց

Եղար ընդունարան եօթնարփեան պարգեւներուն Հոգիին

Աստուածածին եւ Կոյս, քեզ կը փառաւորեննք։



Համեղաճաշակ պտուղի բանաւոր բարունակ,

Որմէ քաղուեցաւ մեզի ողկոյզն անսպառ,

Ուրախութիւն տրտմողներուն` ճաշակումովը

Գիտութեան ծառէն. Սրբուհի անարատ

Ամէնքս քեզ կը փառաւորենք։



Ապրեցար կեանքով առաքինի, վարքով անարատ.

Այսօր ամփոփուեցար առաքեալներէն, վերին ակնկալութեամբ։

Վերափոխուեցար արքայութիւն` քու Որդիիդ եւ մեր Աստուծոյ.

Բարեխօս դաւանողներուս, քեզ կը փառաւորենք։



Խորհուրդ կեանքի եւ փրկութեան,

Եղար վերաթեւող աշխարհի,

Սքանչելիօրէն բարձրացուցիր

Հողեղէնները` հետն հոգեղէններու

Բնակելու հրեշտակներուն հետ.

Օրհնեալ ես դու ի կանայս

Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս։



Տուրք փառք բարձունքն ի վեր

Թագաւորին յաւիտենական,

Որ եկաւ եւ մարմնացաւ սուրբ Կոյսէն

եւ ազատեց արարածները մեղքէն.

Օրհնեալ ես դու ի կանայս

Բերկրեալ Տիրամկայր եւ Կոյս։








All the contents on this site are copyrighted ©.