2009-05-09 14:11:20

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ձեռքի կառավարման ինքնաշարժներ Արցախեան պատերազմի հաշմանդամներուն։


Արցախեան պատերազմի Ա. կարգի 8 հաշմանդամներ, 8 Մայիս 2009-ին, ստացան ձեռքի կառավարման ինքնաշարժներ: Բանալիներու յանձնման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ստեփանակերտի «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ, եւ այս անգամ ձեռամբ նոյնինքն բարերարին՝ Սուրէն Աւագեանի, որ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով նման նուիրատուութիւն կը կատարէ:  Բարերարներու եւ պետական ամավարկի յատկացումներուն շնորհիւ հաշմանդամներու ինքնաշարժ տրամադրելու ծրագիրը սկսած էր 2008ին, երբ պատերազմի 1ին կարգի 25 հաշմանդամներ ստացած էին նմանանատիպ մեքենաներ:

Երեւան- Հաշմանդամներու հարցերով զբաղող «Փիւնիկ» հասարակական կազմակերպութիւնը պիտի իրականացնէ «Երեւանի եւ Գիւմիրի մէջ հաշմանդամներու համար արուեստի եւ արհեստի կեդրոններու ստեղծում» ծրագիրը, յայտնեց կազմակերպութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեան նշելով՝ որ ծրագիրի նպատակն է անպաշտպան հաշմանդամներու համար աշխատատեղեր ստեղծել: Ծրագիրի առաջին փուլին պիտի ընդգրկուին մօտ 150 հաշմանդամներ, որոնք պիտի ուսուցանեն 5 մասնագիտութիւններ՝ քարի եւ փայտի վրայ փորագրութիւն, կաւագործութիւն, ասեղնագործութիւն եւ ձեռագործ: Ծրագիրի իրականացման համար «Վիվա Սել» ընկերութիւնը տրամադրած է 39.5 միլիոն դրամ, «Փիւնիկ»ը՝ 5.5 միլիոն դրամ, ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրը՝ 2.5 միլիոն դրամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.