2009-05-08 15:04:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ուխտագնացութիւնը ՜՜ Ս. Երկիր Մայիս 8-15՝՝։


Ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը, հանդիպում՝ Յորդանանի Ապտալլա արքային եւ Ռանիա թագուհիին հետ։

Ուրբաթ 8 Մայիս 2009, առաւօտեան սկիզբ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ. ի այցելութիւնը ՜՜Ս. Երկիր՝՝ Պապական օդանաւը ժամը 9.30ին՝ թռիչք առաւ դէպի Ամման, առաջին հանգրուանը` առաքելական ճամբորդութեան. ասիկա Նորին Սրբութեան քահանայապետութեան ԺԲ. միջազգային ճամբորդութիւնն է։

Նախքան Յորդանան վայրէջք կատարելը՝ քահանայապետական օդանաւը թռիչք կատարեց Իտալիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ։ Աւանդութեան համաձայն, Նորին Սրբութիւնը հեռագիրներ ուղղեց վերոյիշեալ բոլոր երկիրներու նախագահներուն։ Սրբազան Պապին ընկերացան Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը՝ կարտինալ Պերթոնէ` Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը` կարտինալ Սանտրի, եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Քասբեր եւ միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Թոռան, եւ 20 լրագրողներ։

Չորս ժամ տեւող թռիչքէն ետք, քահանայապետական օդանաւը Ամման հասաւ ժամը 14.30ին։

Բարի գալուստի համար օդակայան եկած էին Յորդանանի Ապտալլա՝ թագաւորը եւ Ռանիա թագուհին եւ պետական ու եկեղեցական բարձրաստիճան բազմաթիւ անձնաւորութիւններ եւ Արեւելքի պատրիարքները ի շարս որոնց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարքը։

Բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին, նորին սրբութիւնը արտասանեց իր առաջին ճառը։ Ան ըսաւ որ ՜՜ Ս. Երկիր կու գամ ոչ թէ որպէս քաղաքական մարդ, այլ ՝ որպէս ուխտաւոր, մեծարելու այն վայրերը որոնք մեծ դեր ունեցան Ս. Գիրքի պատմութեան մէջ։ Առիթը պիտի ունենամ օրհնելու երկու եկեղեցիներու առաջին քարերը Յորդանանի գետին մօտ։ Յորդանանի քրիստոնեաներու համար, նոր եկեղեցիներ ունենալը նշան է թէ՝ այս երկիրը կը յարգէ կրօնական ազատութեան սկզբունքը եւ անոնց անունով կ'ուզեմ իմ շնորհակալութիւնը ու գնահատանքը յայտնել երկրի իշխանութիւններուն։ Կրօնական ազատութիւնը ,ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հիմնական իրաւունք մըն է, եւ իմ ջերմ բաղձանքս ու աղօթքս է որ մարդու եւ կնոջ անձեռնմխելի իրաւունքներն ու արժանաւորութիւնը միշտ աւելի պաշտպանուի, ոչ միայն՝ Միջին Արեւելքի մէջ, այլ՝ համայն աշխարհի վրայ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Ապատալլա թագաւորին տարած աշխատանքը ՜՜լաւագոյնս ճանչցնելու՝ իսլամկան կրօնքի արժանիքները , եւ՝ թագաւորին անձին մէջ ողջունեց Յորդանանի ժողովուրդը ու շնորհաւորեց Ապտալլա թագաւորին գահակալութեան 10-րդ տարեդարձը։

Յայտնենք թէ՝ Նորին Սրբութեան այսօրուան ճամբորդութեան յայտագիրը յատկանշուեցաւ Յորդանանի թագաւորի եւ թագուհիի հետ հանդիպումով, արքայական պալատին մէջ, եւ ,անկարներու կեդրոնի այցելութեամբ։

Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը, բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք, ուղղուեցաւ անկարներու կեդրոնը։ Սոյն կեդրոնին մէջ կը խնամուին թէ քրիստոնեայ եւ թէ իսլամ հիւանդներ։ Պենետիկտոս ԺԶ. ՜՜ Հաւատքի եւ Յոյսի՝՝ խօսք մը ուղղեց հիւանդներուն եւ բոլորին հետ տեսակցեցաւ։ Ապա ուղղուեցաւ առաքելական դեսպանատունը եւ հակիրճ դադար մը կատարեց, որմէ ետք՝ ուղղուեցաւ արքայական պալատը. ուր՝ կէս ժամուայ առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ արքայական ամոլին հետ։







Քահանայապետական անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին քարտուղար նշանակեց, հայր Կիւրեղ Վասիլը, այս նշանակումով Սրբազան հայրը շնորհեց անոր արքեպիսկոպոսի աստիճանը։ Յիսուսեան հայր Կիւրեղ Վասիլ, նախապէս Արեւելեան Քահանայապետական համալսարանի՝ Ռեքդորի պաշտօն կը վարէր ։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Հռոմի լատերանեան պալատին մէջ Հռոմի համալսարաններու հովուութեան համաժողով

Մայիս 7-9 Հռոմի լատերանեան պալատին մէջ տեղի կ'ունենայ Հռոմի համալսարաններու հովուութեան գրասենեակի համաժողովը , հետեւեալ բնանիւթով. '' Դաստիարակել Յոյսը. կրթական մարտահրաւէրներ եւ մանկավարժական ուղիներ անհատին ամբողջական զարգացումին համար''։ Համաժողովին, բացման խօսքը կը կատարէ Հռոմի տեղապահը՝ կարտինալ Ոգոստինոս Վալլինի։



Ամման – ՜՜4 Դրոշմաթուղթերու արտարկում՝՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ի պատիւ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Յորդանան այցելութեան առթիւ Մայիս 8-11, Յորդանանի հաղորդակցութեան նախարարութիւնը 4 դոշմաթուղթեր պատրաստած է նուիրուած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի անձին, Այս արտարկումին կէտնպատակն է յիշատակել Հռոմի Պապի պատմական այցելութիւնը Յորդանան, այսպէս յայտարարած է թղթատարատան տնօրէնը` Զուհայր Ալ Իսսա։ Դրոշմաթուղթերու վաճառումը պիտի սկսած է Մայիս 8-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.