2009-05-08 15:05:01

Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակը, Քէսապի մէջ


Չորեքշաբթի 29 Ապրիլ 2009-ի՝ժամը 11-ին Քեսապի Հայ Կաթողիկէ սրահին մէջ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակը Աշակերտական միացեալ ոգեկոչումով, կազմակերպութեամբ՝ Քեսապի հայ կաթողիկէ ՜՜Բարեյուսոյ՝՝ անուան վարժարանին, եւ մասնակցութեամբ՝ ու ներկայութեամբը՝ Քեսապի հայ աւետարանական ՜՜Նահատակաց ՝՝ ինչպէս նաեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ ՜՜Ուսումնասիրաց՝՝ ազգային վարժարաններուն։ Յիշատակութեան այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ գիւղին հոգեւոր հովիւները, վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչակազմերը։

Օր Անգինէի բացման խօսքը արտասանեց ընդգծելով որ ՜՜Հայը՝՝ իրեն դէմ գործադրուած ահռելի ոճիռին առջեւ ձեռնածալ չի մնար այլ կը պայքարի ու կը գոյատեւէ, որովհետեւ ան ունի զօրաւոր կամք ու հոգի, նաեւ՝ կոչ ուղղեց նոր սերունդին, կառչած մնալու իր պահանջատիրութեան մէջ։

Ելոյթ ունեցաւ այս առթիւ աւետարանական ՜՜Նահատակաց՝՝ վարժարանի աշակերտութիւնը, որ շատ տպաւորիչ ու համապարփակ կերպով՝ ներկայացուց Պատմական Հայաստանի ու Մեծ Եղեռնի նկարագրութիւնը, թատրոնի ընդմէջէն՝ որ կ՝ընդգրկէր նաեւ հայրենասիրական երգերու շարք մը։

Այնուհետեւ հանդէս եկաւ հայ կաթողիկէ ՜՜Բարեյուսոյ՝՝ վարժարանին աշակերտութիւնը գեղարուեստական ճոխ ու հոգեթով յայտագրով մը որ կը բովանդակէր հիմնովին ՜՜Ապրիլ 24-ի՝՝ Մեծ Եղեռնի՝ ոգեկոչման հանդիսութեան մասին զրոյց մը, ինչպէս նաեւ՝ ասմունքներ, խմբային երգեր ու նուագ, ապա տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի մասին տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, որուն մէջ յատկապէս կը ներկայանային Տէր Զօրի Մարկատէ շրջանի մէջ ՜՜Պատավիներ՝՝ անապատի բնակիչներ, որոնք կը յայտնէին թէ իրենց նախահայրերը ՜՜Հայ՝՝ էին եւ ջարդի ժամանակն է որ արաբացած էին հետեւանք ցեղասպանութեան։

Հուսկ՝ հայ կաթողիկէ ՜՜Բարեյուսոյ՝՝ վարժարանին տնօրէնը գերապատիւ Հայր Գարեգին վրդ. Քէօշքերեան արտասանեց փակման իր սրտահունչ խօսքը։

Ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան ըսաւ. ՜՜Մեր Տէրը՝ Յիսուս, պատուիրեց ըսելով. ՜՜ով որ կ՝ուզէ ինծի հետեւիլ թող առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ՝՝. եւ աշխարհի ազգերէն, ՜՜Հայ Ազգը առաջինը եղաւ ընդառաջելու այս հրաւէրին, ան ընդունեց, սիրեց, նոյնիսկ պաշտեց Խաչը ու շալկեց զայն բարձրանալով իր Տիրոջ պէս դէպի Գողգոթայ՝՝։ ՜՜Մեր ազգի պատմութեան ամէն մէկ էջը, ըսաւ Հայր Գարեգին, արիւնով գրուած է, գողգոթայի ճամբայ մըն է եւ այդ էջերէն ամենաահաւորը եւ ամենաարիւնալին 1915 տարւոյն էջն է՝՝։ Վարդապետը յիշեցուց ըսելով.՜՜թող ոչ ոք կարծէ որ թշնամին Ցեղասպանութիւն կիրարկուած է միայն 1915-ին, այլ՝ ան այդ թուականէն շատ առաջ եւս։ Ոչ մէկ հայկական շրջան զերծ մնացած է անոր ջարդէն ու վայրագութիւններէն։ Մեր չքնաղ Քեսապն ալ, ըսաւ վարդապետը, բաժին մը ունեցաւ 1909-ին եւ 1915-ին։ Հայր Գարեգին կոչ ուղղեց աշակերտներուն, միշտ յիշելու եւ յիշեցնելու թէ այս երկու թուականներուն ինչ կոտորածներ եւ թալան կատարած է Օսմանեան կայսրութիւնը Քեսապի մէջ։

Փակման խօսքէն ետք, բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը ՜՜Հայր Մերը՝՝։'








All the contents on this site are copyrighted ©.