2009-05-08 15:08:40

Հայկական երաժշտութեան վարպետները

Արամ Խաչատուրեան


Հայազգի ամէնէն նշանաւոր երգահանը եւ նուագախումբի ղեկավարը կարելի է համարել առանց տարակոյսի` Արամ Խաչատուրեանը։ Արամ ծնած է Թիֆլիս, 1903-ին. Իր նախնական ուսումն ստանալէ ետք` կը մեկնի Մոսկվա, ուր կ՛ուսանի թաւջութակի եւ երգահանութեան արուեստներուն մէջ, 1922-1929, տեղւոյն Գնեսիններ անունով երաժշտանոցին մէջ, իբր ուսուցիչ ունենալով Բիչկովը եւ Գնեսինը։

Ապա կ՛անցնի Մոսկուայի գոնսերվաթորիան, ուր կ՛ուսանի երգահանութեան արուեստը, 1930-1936, որպէս ուսուցիչ ունենալով Միասգովսքին։ Ուսանողական այս շրջանին` մշակած է զանազան ազգերու մշակութային երգերն ու նուագները, հայկական, ռուսական, հունգարական, թրքական եւ այլ ժողովուրդներու։ Յօրինած է զանազան պարեր, ջութակի եւ դաշնամուրի համար. Ինչպէս նաեւ երրեակներ, ջութակի, դաշնամուրի եւ Գլարինէթի համար։

Զանազան հանդիպումներէ ետք` Մոսկուայի մէջ ստեղծուած հայկական մշակութային տունէն ներս, ան աւելի ծանօթացած է հայկական եղանակներուն, շնորհիւ մանաւանդ իր շփումներուն Սպենդիարեանի, Սարեանի եւ Շառա Տալեանի հետ։ Սկսած է նուագներ յօրինել հայկական թատերգութիւններու բեմադրութեան առթիւ, յատկապէս Յակոբ Պարոնեանի` Պաղտասար Աղբար, եւ Ատամնաբոյժն Արեւելեան պիէսներուն, ինչպէս նաեւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Խաթափալային եւ Պեպոյին նուագները։

Իր առաջին Սինֆոնիան կը ստեղծէ 1934-ին, որուն պատճառաւ կը տիրանայ արդէն մեծ համբաւի։ Այս ուղղութեամբ կը շարունակէ արտադրել իր ստեղծագործութիւնները, մինչեւ որ 1942-ին` իր գործունէութեան պսակումը կը հանդիսանայ Գայանէ Պալլէթը, որու միջոցաւ կը ստանայ համաշխարհային հռչակ։ Այսօր` աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ծանօթ է այս գործը, մանաւանդ անոր մէջ գտնուող հռչակաւոր Սուրերու պարը։

Կը ստանայ պետական մրցանակներ, ոչ միայն Սովետ Միութեան երկիրներու մէջ, այլ նաեւ շատ մը ուրիշ տեղեր։ Իտալիոյ Սանթա Չեչիլիա երաժշտական ակադեմիան զինք կը կարգէ պատուոյ անդամ 1960-ին։ Այդ առթիւ կ՛այցելէ Հռոմ քաղաքը եւ կը ծանօթանայ Հռոմէահայ հասարակութեան, Կարդինալ Աղաճանեանին եւ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանին։

Իր ստեղծագործութիւնները կը շարունակուին յետ պատերազմեան շրջանին։ 1944-ին Հայաստանի Սովետական հանրապետութեան քայլերգը կը յօրինէ ինք. 1943-ին կը ստեղծագործէ իր երկրորդ Սիմֆոնիան, որ աւելի մեծ յաջողութիւն կը գտնէ քան առաջինը. Կը դասուի աշխարհահռչակ մեծ երաժիշտներու կողքին, Շոստագովիչի եւ Պրոգոֆիէֆի հետ։ Այս համանուագին մէջ` ան յուզիչ կերպով կ՛արտայայտէ տառապանքն ու մահը յաղթահարող ժողովուրդի հետոսական պայքարը։

Խաչատուրեան կը դասաւանդէ մինչեւ գրեթէ իր կեանքի վերջը, Մոսկուայի Գնեսիններ երաժշտանոցին մէջ, հասցնելով բազմաթիւ երաժիշտ աշակերտներ։ Կը ստանայ շատ մը պատուոյ մետալներ. Կը վախճանի Մոսկուայ, 1 մայիս 1978-ին. Իր մարմինը կը տեղափոուի Երեւան, ու կը թաղուի Պանթէոնին մէջ։

Ան մեր երաժշտութեան հսկայ տիտանն է, որ մինչեւ այսօր կը գրաւէ ամենաբարձր տեղը, եւ իր փառքով կը պարծենայ համայն հայ ազգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.