2009-05-08 13:20:12

Ինչ կը Գրեն Յորդանանի Գլխաւոր Թերթերը Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան առթիւ Յորդանան ու Միջին Արեւելք որ այսօր սկիզբ առաւ


Ինչ կը Գրեն Յորդանանի Գլխաւոր Թերթերը Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան առթիւ Յորդանան ու Միջին Արեւելք որ այսօր սկիզբ առաւ։ ՝՝ԷՏՏՈՒՍԹՈՒՐ՝՝ Յորդանանեան օրաթերթը իր առաջին էջի վրայ կը վերնագրէ ՝՝Թագաւորը ու Թագուհին առաջինները որ կ՝ընդունին Նորին Սրբութիւնը՝՝։ Այսօր սկիզբ կ՝առնէ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապի այցելութիւնը հաշէմիթ թագաւորութեան. Թերթի երկրոդ տիտղոսը կը հայի Ըսֆէյր Պատրիարքին ՝՝ Մարոնիներու Ըսֆէյր Պատրիարքը կը գովէ Ապտուլլահ Թագաւորի դերը յառաջ տանելու մէջ Միջ-կրօնական երկխօսութիւնը՝՝. Իսկ թերթի չորրորդ էջին մէջ տեղ տրուած է ՝՝Ռէճինա Բաչիս՝՝ կոչուած անկար փոքրերու կեդրոնի մասին տեղեկութիւներու, ուր պիտի երթայ Սրբազան Հայրը.Կեդրոնը Կաթողիկէ հիմնարկութիւն մըն է եւ հոն յատկապէս խնամք կը տարուին իսլամ անկար փոքերուն մայրապետներու կողմէ, որոնք կ՝աշխատին նաեւ այս փոքրերը ներմուծել ընկերային կեանքէն ներս։ Թերթը կը տեղեկացնէ նաեւ որ Ըսֆէյր Պատրիարքը նամակ մը պիտի յանձնէ Թագաւորին՝յորում կը խնդրուի ՝՝խաղաղութիւն՝՝ Լիբանանի,Յորդանանի ու Միջին Արեելքի համար,որպէսզի դադրին տառապանքները։ ՝՝ԷՏՏՈՒՍԹՈՒՐ՝՝ թերթը կը գրէ նաեւ որ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Հօր կ՝ընկերկացին հազարերկուհարիւր լրագրողներ։

Իսկ ՝՝ԱԼ ԱՐԱՊ ԱԼԵԱՈՒՄ՝՝ թերթը կը խորագրէ ՝՝ Սրբազան Հայրը այսօր կը սկսի իր այցելութեան՝՝. միւս կողմէ կը կարդանք որ այս այցելութեան առթիւ կիրակի օրը տօնական օր նկատուած է բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Այլ տիտղոս մը ՝՝Սրբազան Հայրը Մատապա քաղաքի Համալսարանին համար կը դնէ առաջին քարը՝՝ Այս այցելութեամբը Պապը Միջին Արեւելքի համար Խաղաղութիւն կը խնդրէ։ Նշենք որ Երուսաղէմի Լատիններու ֆուատ Թուալ Պատրիարքի յստակ փափաքին համաձայն կաթողիկէ համալսարանը պիտի բարձրանայ Մատապա քաղաքին մէջ,ըլլալով ծննդավայրը նոյնինքն Պատրիարքին։

Գալով ՝՝ԷԼՂԷՏ օրաթերթին,թերթը ութը էջնոց յաւելուած մը կը յատկացնէ Քահանայապետի այցելութեան։ Քահանայապետի մեծադիր լուսանկարին տակ թերթը կը գրէ ՝՝Բարի գալուստ խաղաղութեան պատգամաբերին՝խաղաղութեան երկրին մէջ՝՝։ Թերթը կը բովանդակէ նաեւ յօդուած մը արաբ-իսրայէլեան ընդհարումին վերաբերեալ ,որու իսլամ հեղինակը սա պէս կը գրէ ՝՝ Կ՝աղօթենք քեզի հետ միասին որպէսզի քու երազը իրականանայ եւ թէ այցելութիւնդ ըլլայ պտղաբեր՝Սուրբ Երկրի բոլոր բնակիչներուն համար թէ հոգեւոր եւ թէ քաղաքացիական գետնի վրայ՝՝։



Հուսկ ՝՝ԱԼ ՌԱՅԻ՝՝ թերթը իր առաջին էջի վրայ կը վերնագրէ ՝՝ Պապը Ամմանի մէջ այսօր՝՝։ Թերթը այս այցելութեան կապակցութեամբ կը մէջբերէ նաեւ Փարիզի Արքեպիսկոպոսի սա արտայայտութիւնը ՝՝Քահանայապետին այցելութիւնը խթան մըն է միջ-կրօնական երկխօսութեան՝՝։ Այս թերթը ՝՝Ալ Ռայի՝՝ իր անգլերէն տպագրութեամբը լայն տեղ կը յատկացնէ դարցեալ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Հօր այցելութեան։



Իսկ այսօր Յորդանանի Հեռուստակայանի առօրեայ ՝՝Բարիլոյս՝՝ յայտագրի ընթացքին հիւրասիրուած են Յորդանաի լատիններու կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բանբերը Ռըֆաթ Պատէր եւ Իսլամ Պատմագէտ Ալ Մաժալի որոնք խօսած են Քահանայապետի այցելութեան մասին։










All the contents on this site are copyrighted ©.