2009-05-06 12:43:22

Զուիցերացի 32 Նոր Պահակներու Երդման Արարողութիւնը։


Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս 6 Մայիսին տեղի կ՝ունենայ զինուրագրուող Զուիցերացի Նոր Պահակներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը ի յիշատակ հերոսական մահուանը այն 147 զուիցերացի զինուորներուն որ 6 Մայիս 1527ին իրենց կեանքը կը զոհէին այն ատենուայ Քահանայապետ Կղեմէս Է.ի կեանքը ազատելու համար։ 147 զուիցերացի պահակները ինկած են Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ եւ Եկեղեցիին մէջ,կռուելով իրենցմէ շատ աւելի զօրաւոր թշնամի ուժերու դէմ։ Հաւատարիմ ռազմիկները ոչ մէկ յոյս ունէին յաղթելու,բայց անոնք հնարաւորութիւն ընծայեցին Սրբազան Պապին իր 42 պահակներովը ապաստանելու մօտակայ Castel S.Angelo Դղեակը։ Յաւիտենական քաղաքի այն է Հռոմի այս գրաւումը եւ կողոպուտը պատմութեան անցած է ՝՝Հռոմի Աւարառութիւն՝՝ անունով(Sacco di Roma)։ 6 Մայիսին,առաւօտեան ժամը 7.00ին Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պէրթոնէ մատույցՍուրբ Պատարագը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ'Պահակներուն,անոնց ընտանիքներուն ,ազգականներուն ու բարեկամներուն համար։ Ժամը 8.30ին տեղի ունենցաւ Նահատակներու Ոգեկոչումը . այս առթիւ Զուիցերական Պահակազօրքի Հրամանատարը դափնիէ ծաղկեպսսակ մը զետեղեց զոհուածներու յուշարձանին առջեւ (միշտ վատիկանի մէջ )եւ այս առթիւ Գերապայծառ ֆէրնանտօ ֆիլոնի Վատիկանի Ներքին Գործոց Պատասխանատուն պարգեւատրեց՝ պատուանշաններով ու շքանշաններով Պահակազօրքի կարգ մը անդամները։ Իսկ նոյն օրը յետ միջօրէին ժամը 17.00ին Վատիկանի Սուրբ ՏամասոսիԲակին մէջ տեղի պիտի ունենայ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին զինուորագրուղ 32 պահակներու երդման տպաւորիչ արարողութիւնը։ Այս տարի Զուիցերիոյ Զիւրիխի Գաւառը արարողութեան աւարտին պիտի սարքէ ընդունելութիւն մը ներկայ 600 հիւրերուն համար։ Զուիցերական Պահակազօրքը սկիզբ առած է ԺԶ.դարու սկիզբները։Անոր հիմնարկութեան թուականը կը նկատուի 21 Յունուար 1506...,այն օրը 150 զուիցերացի զինուորներ Հռոմ- Յաւիտենական Քաղաք հասնելով կը համախմբուին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ եւ ուր Յուլիոս Բ.Պապը զիրենք կ՝օրհնէ եւ նոյն օրը անոնք կը սկսին իրենց պահակութեան պաշտօնին։Զուիցերացի Պահակներու պաշտօնները որոշուած են 6 Մայիս 1959ի Սահմանադրութեան առաջին յօդուածին մէջ։ Արդարեւ անոնց Զօրագունդին յանձնուած է Սրբազան Պապի անձի պաշտպանութիւնը։Ասկէ զատ անոնք կը հսկեն անոր բնակարանի,ինչպէս նաեւ վատիկանեան քաղաքի մուտքերուն եւ երթեւեկութեան կանոնաւոր ընթացքին' քաղաքին մէջ ու սահմանագլուխին վրայ։ Հանդիսաւոր արարողութիւններու,ունկնդրութիւններու պետական անձերու ու դեսպաններու այցելութեանց միջոցին անոնք կը հսկեն կարգապահութեան եւ նաեւ պատուոյ պահակներու դերը կը կատարեն։ Զուիցերացի Պահակները բոլորը կ՝ապրին վատիկանի պետութեան մէջ,ու անոնց պաշտօնի շրջանը նուազագոյն 25 ամիս է։








All the contents on this site are copyrighted ©.