2009-05-06 12:55:57

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻՆ ՄԻԽԱՅԻԼ ՖՐԱՏՔՈՎԸ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Միխայիլ Ֆրատքովը։ Կողմերը քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը եւ միտքեր փոխանակած են շրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան առնչուող խնդիրներուն վերաբերեալ։ Միւս կողմէ՝ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւս ընդունած է Միխայիլ Ֆրատքովը։ Քննարկուած են կողմերուն միջեւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր։

ՀՅԴ-Ի ՀԱՄԱՐ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒՄԸ (Կ'ԸՆԴԳԾԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ)։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ՝՝Ռեկնում՝՝ լրատու գործակալութեան ըսած է, որ առաջնահերթը ոչ թէ Հայաստան - Թուրքիա սահմանի բացումն է, այլ՝ Երեւան - Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Երբ մեր իշխանութիւնները անկիւնաքար կը դարձնեն ճամբու բացման հարցը, մենք կը գտնուինք ոչ շահաւէտ իրավիճակի մէջ, քանի որ Թուրքիա կը սկսի պատկերացնել, թէ մեծ բարեգործութիւն կ'ընէ Հայաստանին, այն պարագային, երբ ատիկա անոր պարտականութիւնն է։ Թուրքիան փակած է սահմանը, եւ ինքն է որ պէտք է բանայ զայն, (ըսած է Վ Յովհաննիսեան)։ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղեգիծի փոփոխութեան ծիրին մէջ Վ. Յովհաննիսեան նաեւ մեկնաբանած է Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու՝ 23 ապրիլի միացեալ յայտարարութիւնը։ Վահան Յովհաննիսեան մասնաւորապէս ընդգծած է, որ այս փաստաթուղթը տկարացուցած է Հայաստանի դիրքերը։Ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, Դաշնակցութեան համար անընդունելի է Թուրքիոյ կողմէ նախապայմաններու առաջադրումը՝ թէ՛ քողարկուած, թէ՛ բացայայտ ձեւով։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՕԹԱՆ-Ի ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐՈՒՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ աղբիւրը ՝՝Ռեկնում՝՝ լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ Հայաստան պիտի չմասնակցի Վրաստանի մէջ այսօր սկսող ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն։Նախապէս ծրագրուած էր, որ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին դաշինքի անդամ եւ գործընկեր 19 երկիրներ, սակայն 5 երկիր հետագային հրաժարած են մասնակցելէ։ Լաթվիան եւ Էսթոնիան հրաժարելու իրենց քայլը բացատրեցին տնտեսական հիմնախնդիրներով, իսկ Մոլտաւիա եւ Սերպիա հրաժարած են Ռուսիոյ հետ խորհրդակցութիւններէ ետք։

67,2 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ ԴԷՄ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ։՝՝Երկիր՝՝ գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՝՝Ա1+՝՝ լրատուական կայքէջը մէկ շաբթուան տեւողութեամբ կատարած է համացանցային հարցախոյզ մը, որուն ընթացքին ուղղուած է հետեւեալ հարցումը ՝՝Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միացեալ յայտարարութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ՝՝։ Հարցախոյզին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 2180 քաղաքացիներ։ Մասնակիցներուն 20,3 առ հարիւրը դրական կը գնահատէ ստորագրուած յայտարարութիւնը, բայց 67,2 առ հարիւրը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միացեալ յայտարարութեան մերժողական գնահատական տուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.