2009-05-05 13:21:40

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ իր կողակիցին հետ միասին այցելեցին Հալէպի հայոց պատսպարանը։


Սուրբ Յարութեան տօնի առիթով, Սուրիոյ նախագահը՝ զօր. Պաշշար էլ Ասատ այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային Պատսպարանը, Հալէպ։

Սոյն պատսպարանը հիմնուած է 1919-ին, Մեծ Եղեռնէն փրկուած որբերուն հոգատարութեան համար։ 1966-էն մինչեւ այսօր կը գտնուի Հալէպի Ճիտէյտիէ թաղամասի՝ արաբական ոճի ճարտարապետութեամբ կառուցուած գեղեցիկ տան մը մէջ։ Այնտեղ կապրին 4-էն 24 տարեկան 30 հայ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ։

Նախագահին ու իր տիկնոջ՝ Ասմայի այս անակնկալ այցելութիւնը Ազգային պատսպարանի մանուկներուն մեծ ուրախութիւն բերաւ։ Նախագահն ու առաջին տիկինը մանուկներուն եւ իրենց ուսուցիչներուն հետ նստեցան եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցան։ Նախագահին այցը յատկանշական էր այն առումով, որ անգամ մը եւս կու գար փաստելու պետութեան հոգատարութիւնն ու հետաքրքրութիւնը իր բոլոր քաղաքացիներուն նկատմամբ, մանաւանդ հայութեան, որ կրօնական համայնք մը ըլլալով հանդերձ, կը վայելէ ազգային փոքրամասնութեան մը բոլոր իրաւունքներն ու ազատութիւնները։ Պետութիւնը յաճախ կընդգծէ Սուրիոյ մէջ տարբեր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու միջեւ դարեր շարունակ հաստատուած համերաշխութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։ Վերջապէս, Սուրիոյ մէջ ընդունուած է, թէ միայն քաղաքացիներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարութեան սկբզունքներուն հաւատացող հասարակութիւն մը կրնայ հզօրանալ եւ բարգաւաճիլ։ Նշենք թէ՝ Սուրիա, որպէս բազմազանութեան ու համերաշխութեան կենդանի օրինակ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.