2009-05-05 13:21:25

Մոնկոլիայի փոքրաթիւ եկեղեցին.


Մոնկոլիայի փոքրաթիւ եկեղեցին, ներկայիս կը հաշուէ 530 հաւատացեալներ։ Անոր առաջնորդն է` առաքելական կառավարիչ գերապայծառ Վէնեսլաու Բատիլլա։ Մոնկոլիայի քրիստոնեայ փոքրաթիւ հասարակութեան կեդրոնն է Ուլան-Պաթուր։ Մոնկոլիայի 2.5 միլիոն բնակչութեան մեծամասնութիւնը պուտտայական են։ Երկրի կրօնական ազատութեան հռչակումէն ետք կրօնական զանազան հոսանքներ մէջտեղ եկան։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար կրօնական կազմաւորումը էական դարձաւ։ Մոնկոլիայի առաքելական վարչութիւնը ներկայիս ունի չորս ժողովրդապետութիւններ Ուլան Պաթուր եւ Տարհան քաղաքներու մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.