2009-05-05 13:21:06

Եւրոպայի կրօնուսոյցներու ԺԱ. հաւաքը 4-7 Մայիս 2009


Եւրոապայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կրօնուսոյցներու պատասխանատուներուն հետ, ներկայիս իր ԺԱ. հաւաքը կը կատարէ Հռոմ, Սկիզբ առած 4 Մայիսին եւ մինչեւ 7 Մայիս 2009, հետեւեալ բնանիւթով ''քրիստոնէական հասարակութիւնը եւ առաջին քարոզութիւնը''։ Ժողովին կը մասնակցին 27 երկիրներու 65 ներկայացուցիչներ։ Սոյն ժողովին լեզուական նիստերը՝ դռնփակ են, իսկ լիանիստ նիստերը՝ հանրութեան բաց են։ Ժողովին աւարտին նախատեսուած են մամլոյ հաղորդագիր մը եւ պատգամ մը ուղղուած Եւրոպայի քրիստոնեաներուն.

Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդին մաս կը կազմեն, կաթողիկէ եկեղեցւոյ ազգային 33 եպիսկոպոսական դասերը։ Եպիսկոպոսական Խորհուրդին նախագահն է՝ կարտինալ Բիդեր Արտօ՝ գահերէց առաջնորդը Հունգարիոյ։ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի քարտուղարն է ՜՜հայր Տուարթէ Տա Գունպան՝՝. եւ քարտուղարութեան կեդրոնը կը գտնուի Զիուիցերիոյ ՜՜Սան Գալ՝՝ քաղաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.