2009-05-05 12:50:21

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Սերժ Սարգսեան Այս Շաբաթավերջ Պիտի Այցելէ Լեռնային Ղարաբաղը։

ԵՐԵՒԱՆ- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի այցելէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն, մասնակցելու համար Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ստեղծման օրուան եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներուն։ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի վերջին քննարկումներուն լոյսին տակ, նախագահ Սարգսեանի Ղարաբաղ այցելութիւնը վստահաբար առիթ պիտի դառնայ, որ արցախցիք պարզաբանումներ ստանան Հայաստանի ղեկավարէն՝ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման բանակցութիւններու ներկայ ընթացքին եւ այդ գործընթացին մէջ զիրենք մեծապէս մտահոգող Թուրքիոյ դերակատարութեան վերաբերեալ։



ՀՅԴ Կը Ներկայացանէ Երեւան Քաղաքի Զարգացման Իր Ծրագիրը։

ԵՐԵՒԱՆ- Երկուշաբթի, Մայիս 4ին, Մոսկուա Թատերասրահին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները հանրութեան ներկայացուցին մայրաքաղաքի զարգացման ի խնդիր կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը։

Այս միջոցառման ընթացքին խօսք առնող ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ այս ընտրութիւններու նշանակութեան ճիշդ ընկալումը երեւանցիներուն կողմէ։ Ըստ Ռուստամեանի, իշխանութիւնն ու արմատական ընդդիմութիւնը կը ներկայացնեն երկու ծայրայեղ մօտեցումներ։ Իսկ Դաշնակցութիւնը(Ռուստամեանի խօսքերով) կը ներկայանայ այնպիսի խումբով, որ ամբողջութեամբ ծանօթ է մայրաքաղաքի խնդիրներուն եւ կրնայ զանոնք լուծել։ Մայիս 31ին կայանալիք ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Արծուիկ Մինասեան մանրամասնօրէն ներկայացուց կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը, որ կանդրադառնայ Երեւանի մէջ ներկայ բազմաթիւ ցաւոտ խնդիրներու՝ բնապահպանական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ այլ ոլորտներու մէջ։



՝՝ԹՐԵՆՏ՝՝ Լրատու Գործակալութիւնը հաղորդած որ Հիլարի Քլինթըն ՝՝ թեթեւ գերզգայնութեան մը՝՝ պատճառով յետաձգած է երէկուայ համար նախատեսուած հանդիպումները Նալբանդեանի ու Մամէտիարովի հետ։ Արդարեւ ինչպէս որ երէկ խօսած էինք Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Հիլարի Քլինթըն Ուաշինկթընի մէջ Հարաւային Կովկասի տագնապները լուծելու երկարատեւ ջանքերու ծիրէն ներս հանդիպում պիտի ունենար Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ու Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էլմար Մամետիարովի հետ։ Ըստ մեր տեղեկութեանց այդ հանդիպումները այսօր տեղի կ՝ունենան։ Նալբանդեանի ու Մամետիարովի հետ Քլինթընի հանդիպումները պիտի ջանան պատրաստել ենթահողը Սարգեսան-Ալիեւ հանդիպումին որ նախատեսուած է 7- Մայիսի համար Փրակայի մէջ։



ԹՈՒՐՔԻԱ։ Թուրքիոյ Մարտին նահանգի Պիլկէ գիւղին մէջ հարսանեկան խնճոյքի մը դէմ կատարուած զինեալ անակնկալ յարձակումը 44 զոհեր պատճառած է ,մեծմասամբ կիներ ու երախաներ։ Թրքական ոստիկանութիւնը ութը անձեր ձերբակալած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.