2009-05-04 12:43:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ՜՜Ուրախ Լեր Թագուհի՝՝ Մարեմեան աղօթքը


Կիրակի, 3 մայիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` ՜՜Ուրախ Լեր Թագուհի՝՝ Մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, Ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած՝ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Նախապէս, Նորին Սրբութիւնը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ համապատարագ մատոյց Հռոմի կղերի մասնակցութեամբ, եւ որուն ընթացքին, Հռոմի թեմէն 19 սարկաւագներ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց։

Ուրախ լեր Թագուհի, Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր` Զատկուան երրորդ կիրակին, նուիրուած է՝ Բարի Հովիւին, Եկեղեցին կը յիշատակէ քահանայական ու եկեղեցական կոչումներու օրը։ Ասոր համար ամէն տարի Բարի Հովիւի կիրակին, ինծի հաճելի է քահանայական կարգը շնորհել թեմիս քահանայութեան թեկնածուներուն։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք քահանայական ու եկեղեցական կոչումներուն համար։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ՜՜որպէս Ս. Պետրոսի յաջորդը, ուխտագնացութիւն պիտի կատարեմ Ս. Երկիր, եւ ուրախութիւնը պիտի ունենամ Քրիստոսէն սրբացուած վայրը գտնուելու,խնդրելու համար Տիրոջմէն որ ՜՜Միութիւն եւ Խաղաղութիւն՝՝ շնորհէ Միջին Արեւելքի երկիրներուն ու համայն աշխարհին։ Թող Քրիստոս` բարի Հովիւը, պաշտպանէ բոլոր ժողովուրդները որոնք կ'ապրին Ս. Երկրին մէջ, եւ մասնաւորապէս օրհնէ քրիստոնեաները որոնք հոն կը բնակին եւ որոնց՝ ՜՜ իմ ներկայութեամբս՝՝ կ'ուզեմ օգնութեան հասնիլ՝՝։

Հուսկ՝ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն որպէսզի իր հովուական ճամբորդութիւնը յաջողութեամբ պսակուի։

Եւ իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ առաջ, Սրբազան Հայրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Մեքսիքոյի եւ այլ երկիրներու հարբուխի զոհերուն, հրաւիրելով զանոնք որ Աստուծոյ վստահին. Ան պիտի օգնէ անոնց գերազանցելու ներկայ դժուարութիւնը, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ։

Խորհրդածութեան աւարտին, նորին սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։



Յայտնենք որ. Քահանայական կոչումներու օրուան առթիւ, Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանի մեծաւորը՝ գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելեկեան, Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ մատուցած՝ հայածէս Ս. Պատարագին քարոզ մը արտասանեց ու խօսեցաւ քահանայական ու եկեղեցական կոչումներու մասին։ Օրուան Աւետարանը մեկնաբանելէն ետք, Գերյարգելի վարդապետը, այդ դիտաւորութեան համար ներկաներուն հետ միասին, հետեւեալ աղօթքը արտասանեց .

՜՜քահանայական կոչումներուն համար առ Հունձքի Տիրոջ՝՝.

Ո'վ Սուրբ Հոգի, հոգի աստուածային Իմաստութեան ու Սիրոյ, մեր երիտասարդներուն հաղորդէ' քու գիտութիւնդ եւ արթնցո'ւր անոնց գիտակցութիւնը եկեղեցական կոչումին, որուն միջոցով անոնք լաւագոյն կերպով պիտի ծառայեն Աստուծոյ եւ հոգիներուն:

Ամրապնդէ' անոնց մէջ քաջութիւնը, որպէսզի վեհանձնութեամբ ու առատաձեռնութեամբ հետեւին Աստուծոյ սուրբ կամքին: Հաստատէ' անոնց անհաստատ քայլերը, զօրացո'ւր անոնց առնելիք որոշումները, պահպանէ' զանոնք ողջախոհ, պայծառացո'ւր անոնց մտքերը, հրապուրէ' անոնց սրտերը եւ առաջնորդէ' զիրենք դէպի հոգեւոր ասպարէզը, ուր անոնք Աստուծոյ հանդէպ երկիւղած հնազանդութեամբ՝ պիտի աշխատին հոգիներուն փրկութեան համար:

Մեր եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու կրօնաւորներուն սրտերուն մէջ արծարծէ' բաղձանքն ու սէրը ՜՜հոգիներուն նուիրուելու, անոնց համար զոհուելու եւ ծառայելու եւ այսպէս՝ ըլլալու հաւատարիմ հետեւորդներ սուրբ Աւետարանին՝՝ բարեխօսութեամբ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, երկնքի հրեշտակներուն ու սուրբերուն, Աստուծոյ փառքին ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.