2009-05-04 12:50:26

Լուրեր հայկական կեանքէն

Երեւանի մէջ ՜՜ Ժամանց եւ հանգիստ EXPO 2009՝՝ Ա. միջազգային մասնագիտական ցուցահանդէսը


Երեւանի ՜՜Մոսկուայի տուն մշակութագործարարական կեդրոնին մէջ 2 Մայիս 2009-ին բացումը կատարուեցաւ՜՜Ժամանց եւ հանգիստ EXPO 2009՝՝ առաջին միջազգային մասնագիտական ցուցահանդէսին։

Այս առթիւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչ՝ LOGOS EXPO Center ընկերութեան գործադիր տնօրէնը Արա Ստեփանեան յայտնեց որ ՜՜ասիկա Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման ուղղուած հերթական քայլ մըն է՝՝։ Ան նաեւ ըսաւ որ ՜՜ միջոցառումը մեծ նշանակութիւն կունենայ ՀՀ տնտեսութեան յետագայ զարգացման համար, ցոյց կու տայ, թէ որքանով հանրապետութիւնը այսօր պատրաստ է ներքին ծառայութիւններ մատուցելու ինչպէս Սփիւռքի հայերու, այնպէս ալ բոլոր զբօսաշրջիկներուն։

ՀՀ տնտեսութեան փոխնախարարը Արա Պետրոսեան, բարձր գնահատելով ցուցահանդէսին դերը, նշեց, որ անիկա հանրապետութեան համար արդիական ըլլալէն զատ, նաեւ կը նպաստէ զբօսաշրջութեան յետագայ զարգացման։ Նախաձեռնութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՝ունենայ նաեւ Հայաստանի ներքին շուկայի վրայ զայն մէկ քայլ առաջ եւս մղելով։

Արա Պետրոսյան յոյս յայտնեց, որ միջոցառումը յետագային աւանդական դառնալով մասնագիտական, գործնական շփման ոլորտը մեծցնելէ ու խթանելէ բացի, յառաջընթացի եւ յաջողութիւններու նախապայման կը հանդիսանայ Հայաստանի համար։ Ցուցահանդէսին գործող՝ շուրջ 20 տաղաւարներուն ցուցադրուած էին գիւղատնտեսական տարբեր մեքենաներ, շարժանաւակներ, շարժանիւներ, մարզական հագուստներ, աշխատանքային արտահագուստներ, մշակութային, ժամանցային, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտները լուսաբանող ամսագրեր եւ մրգային ձեւաւորումներ ։ Զանոնք ներկայացուցած էին կարգ մը ընկերութիւններ, զբօսաշրջութեան ակումբները, հանգիստի կեդրոններն ու հիւրանոցառեստորանային համալիրները։ Ցուցահանդէսին կը մասնակցի նաեւ Երեւանի Արարատ կոնեակի, գինիի, օղիի համագործակցութիւնը, ուր հիւրընկալուող զբօսաշրջիկները, տեղւոյն թանգարան- գործարանին պատմութեան ծանօթանալէն ետք կ՝ այցելեն մառան՝ համտեսելու հին խմիչքները։

Նշենք նաեւ, որ ցուցահանդէսի գլխաւոր կազմակերպիչն է այդ գործին մէջ մասնագիտացած ՜՜Կոլտզ Ճիմ՝՝ ընկերութիւնը, որուն կ՝աջակցին ՀՀ տնտեսութեան նախարարութիւնը, Մոսկուայի տունը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութիւնը։

Ի դէպ, ՜՜Ժամանց եւ հանգիստ EXPO 2009՝՝ ցուցահանդէսը տեւեց մինչեւ 4 Մայիս 2009։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.