2009-05-03 13:55:30

Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Կիրակի, մայիս 3, Քրիստոսի յարութեան երրորդ կիրակին է` կարմիր կիրակի

Ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն գլուխ Ե 19-30 համարները։


Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Կիրակի, մայիս 3, Քրիստոսի յարութեան երրորդ կիրակին է` կարմիր կիրակի

Ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն գլուխ Ե 19-30 համարները։



ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յիսուս խօսք առաւ եւ ըսաւ անոնց Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, որ Մարդու Որդին ոչի՛նչ կրնայ ընել ինքնիրմէ, եթէ Հա՛յրը տեսած չըլլայ, որ կ'ընէ, որովհետեւ ինչ որ Հայրը կ'ընէ, Որդին ալ նոյնը եւ անոր նմանը կ'ընէ։

Որովհետեւ Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ինչ որ ինք կ'ընէ՝ ամէն բան ցոյց կու տայ անոր եւ դե՛ռ ալ աւելի մեծ գործեր ցոյց կու տայ անոր, որոնց վրայ պիտի զարմանաք։

Որովհետեւ, ինչպէս որ Հայրը յարութի՛ւն կու տայ մեռելներուն եւ կը (վերա)կենդանացնէ անոնք, նոյնպէս ալ Որդի՛ն կը վերակենդանացնէ անոնք, որոնք ինք կ'ուզէ։

Հայրը չէ՛, որ պիտի դատէ մէկը, այլ իր Որդիի՛ն յանձնած է ամէ՛ն դատաստան։

Որպէսզի, բոլո՛րը այնպէս պատուեն Որդին, ինչպէս Հայրը կը պատուեն։ Հայրը չի պատուեր այնպիսին, որ Որդի՛ն չի պատուեր, զոր ինք ղրկած է։

Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ան, որ կը լսէ իմ խօսքս եւ կը հաւատա՛յ Անոր, որ զիս ղրկած է, յաւիտենական կեանքը պիտի ստանայ եւ պիտի չենթարկուի դատապարտութեան, այլ մահէն կեանքի պիտի փոխադրուի։

Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, որ ժամանակ պիտի գայ եւ եկա՛ծ է արդէն, երբ Աստուծոյ Որդիի ձայնի՛ն պիտի լսեն մեռելները եւ անոնք, որ կը լսեն՝ կեանքի պիտի գան։

Որովհետեւ, ինչպէս որ Հա՛յրը կեանք ունի ինքնիր մէջ, նոյնպէս ալ Որդիի՛ն տուած է, որ ինք կեանք ունենայ ինքնիր մէջ։

Եւ իշխանութիւն տուած է իրեն՝ դատաստան ընելու, որովհետեւ Մարդու Որդի է ինք։

Ինչո՞ւ կը զարմանաք այն բանի համար, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ բոլոր անոնք, որ գերեզմաններու մէջ կը գտնուին պիտի լսե՛ն անոր ձայնին,

եւ (գերեզմաններէն) դուրս պիտի գան։ Անոնք, որ բարի գործ ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ որոնք չար գործած են՝ դատապարտութեա՛ն յարութեան համար։

Ես ինքնիրմէս՝ չե՛մ կրնար ընել ո՛չ մէկ բան, այլ այնպէս կը դատեմ, ինչպէս կը լսեմ եւ իմ դատաստանս արդար է, որովհետեւ ես չեմ փնտռեր իմ սեպհական կամքս, այլ Անոր կամքը, որ զիս ղրկած է։

Եթէ ե՛ս իմ մասիս վկայելու ըլլամ, ճշմարիտ պիտի չըլլայ իմ վկայութիւնս








All the contents on this site are copyrighted ©.