2009-05-02 13:30:22

Լուրեր հայ աշխարհէն

Քեսապին մէջ, Ապրիլ 24-ին՝ տեղւոյն հայութիւնը միասնաբար ոգեկոչեց ՜՜Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակութիւնը՝՝


Այս տարի եւս Քեսապի մէջ,(Սուրիա) հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ ՜՜ Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակութիւնը՝՝։ Ամբողջ քեսապահայութիւնը ի մի խմբուած էր մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու անթառամ յիշատակի ոգեկոչման համար։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 24 ապրիլ 2009-ին, որ սկիզբ առաւ յոտնկայս լռութեամբ։

Բացման խօսքը կատարեց պատուելի Սեւակ Թրաշեան։ Օրուան բանախօսն էր տէր Եղիշէ քհն. Սարգիսեան։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. ՜՜որքան մեծ ոճիր է մարդ սպաննելը, այնքան աւելի մեծ եւ աւելի ահաւոր է ամբողջ ազգ մը բնաջնջելը՝՝։

Իսկ փակման խօսքով հանդէս եկաւ գերապատիւ Հ. Գարեգին վրդ. Քէօշքերեան։ Ան կոչ ուղղեց ըսելով ՜՜չվստահինք թուրքին եւ չհաւատանք անոր, մինչեւ որ ան ճանչնայ եւ խոստովանի Հայոց Ցեղասպաննութիւնը եւ կատարէ մեր ժողովուրդին պահանջատիրութեան ամբողջ ծրարը՝՝։

Այս առթիւ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը կ'ընդգրկէր ասմունքներ, ազգային ու հոգեւոր խմբերգեր, մեներգեր ու նուագներ։

Ձեռնարկին աւարտին բոլոր ներկաները թափօրով դէպի Քեսապի գերեզմանը ուղղուեցան ''Տէր ողորմեա'' շարականը երգելով եւ նահատակաց յուշարձանին առջեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ մեր բիւրաւոր նահատակներուն հոգիին հանգստեան համար։



Հայազգի հռչակաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւորի երգահանդէսը Միացեալ Նահանգներու մէջ

ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, 29 ապրիլ 2009-ին երգահանդէս մը տուաւ Նիւ Եորք Սիթի Սենթըրի մէջ։ Սոյն երգահանդէսին, հայազգի տաղանդաւոր երգիչին կ’ընկերակցէր նաեւ՝ իր դուստրը՝ Քաթիա Ազնաւուր, որ ելոյթ ունեցաւ իր հօր հետ։



Մոսկուայի մէջ,սպանացի գրող Կոնզալօ Կուարչի ՜՜Հայկական տոհմածառ՝՝ գիրքի ռուսերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը,

Մոսկուայի՝ Հայաստանի դեսպանատան մէջ վերջերս տեղի ունեցած է սպանացի գրող Կոնզալօ Կուարչի ՜՜Հայկական տոհմածառ՝՝ գիրքի ռուսերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի մէջ Սպանիոյ պատուաւոր հիւպատոսութեան կողմէ։

Հաւաքին կը մասնակցէին Ռուսիոյ մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու, ռուսական պետական ու քաղաքական շրջանակներու ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Հաւաքին ընթացքին Խօսք առին Հայաստանի մէջ Սպանիոյ պատուոյ հիւպատոս Էդուարդ Խոճոյեան ,Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան եւ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.