2009-05-01 12:51:49

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅՐԵՆԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ ՝՝Արարատ՝՝ ռազմավարա-գիտական կեդրոնը Երեւանի ՝՝Էրեբունի Փլազա՝՝ պանդոկին մէջ երէկ կազմակերպեց հասարակական քննարկում՝՝հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ վերջերս ստորագրուած ճամբու քարտէսին մասին՝՝։ Քննարկումին մասնակցեցան հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ մտաւորականներ։ Քննարկումի աւարտին լոյս տեսած յայտարարութեան մէջ կը դատապարտուի ստորագրուած ՝՝ճանապարհային քարտէսը՝՝ որպէս ՝՝հակա-հայկական՝՝։

ԹՈՒՐՔԻԱ-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան յայտարարած որ յառաջիկային Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով վեցակողմանի բանակցութիւններ պիտի կատարուին՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Զուիցերիոյ, Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մասնակցութեամբ։ Ես կուզեմ վստահեցնել մեր ազրպէյճանցի եղբայրներուն, որ բոլոր քայլերը, զորս պիտի ձեռնարկենք Կովկասի մէջ, կը բխին Ազրպէյճանի շահերէն(ըսած է Պապաճան)։ Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան ծառայութեան պետի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեան ՝՝Ռատիոլուրին՝՝ ըսած է, որ Հայաստան վեցակողմանի բանակցութիւններու գործընթացէն տեղեակ չէ։

ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՒ ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍԻՆ ԳԱՂՏՆԻ ՊԱՀՈՒՈՂ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ'ԸՍԷ ԳԷՈՐԳԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ։ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցումներուն, ըսած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը պիտի չենթարկուի որեւէ ոչ- շահեկան լուծման։ Արցախի մէջ կայ այն տեսակէտը, որ ժամանակն է հրապարակելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ճամբու քարտէսին գաղտնի պահուող մանրամասնութիւնները։ Մեկնաբանելով 7 մայիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ համաձայնութեան ձեռքբերման կարելիութիւնը,առանց Լեռնային Ղարաբաղի կարծիքը հաշուի առնելու,Գէորգի Պետրոսեան նշած է, որ Ղարաբաղ իբրեւ կողմ պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, որպէսզի ներկայացնէ իր սեփական առաջարկները եւ պահանջները։

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎԱՐԻՆ ՊԱԼԱՏԸ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանի Վարին պալատը հետեւելով Վերին պալատի օրինակին, միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշում մը։ Հարաւային Աւստրալիոյ օրէնսդրական խորհուրդը որդեգրեց որոշում մը, պաշտօնապէս միանալով հայ-աւստրալիացի, յոյն-աւստրալիացի եւ ասորի-աւստրալիացի համայնքներուն, յարգելով յիշատակը այր մարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն, որոնք զոհ գացին արդի դարու առաջին Ցեղասպանութեան։ Բանաձեւը ներկայացուած էր ընդհանուր դատախազ երեսփոխան Մայքըլ Աթքինսընի կողմէ եւ կը վայելէր ընդդիմադիր ղեկավար երեսփոխան Մարթին Համիլթըն-Սմիթի հովանաւորութիւնը։ Ութ այլ երեսփոխաններ խօսք առած են ի նպաստ բանաձեւին, որ որոշուած է միաձայնութեամբ։ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Վարանդ Մկրտիչեան որոշումը ՝՝պատմական՝՝ որակեց եւ Աւստրալիոյ խորհրդարանին կոչ ուղղեց պաշտօնապէս դատապարտելու Ցեղասպանութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.