2009-04-30 12:45:31

Պենետիկոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ընդունի Գանատայի բնիկներու ներկայացուցիչները։


Չորեքշաբթի օրը, 29 Ապրիլ 2009-ին, ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Գանատայի բնիկներու մէկ պատուիրակութիւնը, որոնք Գանատայի Եկեղեցիէն կը սպասեն ՜՜զղջումի ներգործութիւն մը՝՝ իրենց ժողովուրդին դէմ անցեալին գործուած՝ անարդարութիւններուն համար։ Յայտնենք թէ անցեալ տարի Գանատայի կառավարութիւնը ընդունած էր բնիկներու դէմ գործուած անարդարութիւնները եւ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած ։ Սրբազան Քահանայապետը Գանատայի բնիկներու մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելով՝ իր հոգատարութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց։ Հանդիպումին աւարտին Գանատայի բնիկներու պատուիրակութիւնը եւ Գանատայի Եկեղեցին յայտնած են իրենց կամքը միասնաբար համագործակցելու։ Եկեղեցին իր կարգին իր ցաւը յայտնած է անցեալին գործուած սխալներուն համար։



Կիրակի օրը՝ 3 Մայիս 2009-ի ժամը 9-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ ,19 նոր կուսակրօն քահանաներ պիտի ձեռնադրէ Հռոմի թեմին համար։ Ձեռնադրութեան պատարագը պիտի գլխաւորէ Սրբազան Քահանայապետը, եւ անոր հետ պիտի համապատարագեն Հռոմի տեղապահը կարտինալ Վալլինի եւ Հռոմի դպրեվանքերու մեծաւորները։








All the contents on this site are copyrighted ©.