2009-04-28 13:45:47

Վերածնունդի Դարաշրջանի Հայոց Լուսաւորիչը՝ Մխիթար Աբբահայր։




Վերածնունդի Դարաշրջանի Հայոց Լուսաւորիչը՝ Մխիթար Աբբահայր։

Ապրիլ 27ին(2009) Հայոց Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադիրին՝ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր վախճանման 260ամեակը։

Հայոց պատմութեան մէջ դարաշրջան բացող մեծութիւն եղաւ Մխիթար Սեբաստացի։Ան ծնած էր 18 Փետրուար 1676ին, Մանուկ Պետրոսեան աւազանի անունով, Փոքր Հայքի Սեբաստիա քաղաքը։ Մխիթար անունը ընտրած էր 1691ին, երբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ։ Ճանաչումի, գիտութեան եւ ուսման ծարաւով համակուած երիտասարդ վանականը 1696ին ուղեւորուեցաւ դէպի Ս. Էջմիածին, որ Մխիթարի աչքին խորհրդանիշն էր ճշմարտութեանց եւ աղբիւրը՝ գիտութեանց, ինչպէս որ կը վկայեն իր հայ թէ եւրոպացի կենսագիրները։ Ուղեւորութեան ընթացքին Մխիթար վարդապետի պատահական ծանօթացումը Եւրոպայէն եկած հայ միսիոնարի մը հետ հիմնական անկիւնադարձ կազմեց անոր կեանքի հետագայ ընթացքին մէջ։ Եւրոպայի մէջ թափ առած Վերածնունդի Շարժումը, քաղաքակրթական իր նուաճումներով եւ գաղափարներու յեղաշրջումով, գերեց երիտասարդ Մխիթարի միտքն ու հոգին։Ս. Էջմիածնի մէջ սակայն Մխիթար Սեբաստացի համոզուեցաւ որ հայոց վերածնունդի լուսաւորման մեծ գործը կարելի չէ իրականացնել նիւթապաշտ վայելքի անձնատուր դարձած եւ խաւարամտութեան մէջ տուայտող ատենի հայ կղերով։ Յուսախաբ ան հայեացքը ուղղեց դէպի Կ.Պոլիս, Հայոց Պատրիարքութեան մէջ Եւրոպայի քաղաքակրթական վերածնունդին հաղորդակից' հայ հոեւորականութիւն գտնելու յոյսով։ Մխիթար վարդապետ իրապէս ալ փրկարար գործ կատարեց, 1697էն սկսեալ, Պոլսոյ Ղալաթիոյ Ս. Գրգիոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հայոց հաւատքի անբասիր ակունքներուն վերադառնալու եւ եւրոպական արժէքներու պատուաստումով հոգեմտաւոր վերականգնումի ճամբան գտնելու յորդորներով յագեցած իր քարոզներով։ Մխիթար Սեբաստացի հալածանքի ենթարկուեցաւ։ Եւրոպական վերածնունդի ուղիով հայոց հոգեմտաւոր լուսաւորումին հասնելու իր կոչերը բանադրուեցան իբրեւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած աղանդամոլութիւն։ Հալածանքը եղաւ այնքան բուռն, որ Մխիթար ստիպուեցաւ փախուստ տալ եւ կարճ ժամանակի համար ապաստանիլ Գաբուչին կրօնաւորներու վանքը։ Իրեն համախոհ հոգեւորականներու հետ, 1701ին, Մխիթար հիմնեց առանձին միաբանութիւն մը, Բենետիկտեան Կարգի կանոնագրութեամբ,նպատակ ունենալով սուրբ գրային եւ ընդհանրապէս գրականմշակութային ինքնազարգացումն ու հայոց հոգեմտաւոր հարստութեան ծանօթացումն ու քարոզչութիւնը։ Իր անունով ալ Մխիթարեան կոչուեցաւ նորաստեղծ միաբանութիւնը։ Բայց հալածանքը աւելի սաստկացաւ եւ Մխիթար, իր միաբաններով, 1702ին անցաւ Զմիւռնիա, հոնկէ ալ Մոռէա (Պէլոպոնիս, Յունաստան), որու Մեթոն բերդաքաղաքին մէջ կառուցեց իր վանքը։ Այդ ժամանակ Մոռէան կը գտնուէր Վենետիկի իշխանի տիրապետութեան տակ, բայց միշտ կը դիմագրաւէր թրքական գրաւումի սպառնալիքը։ Վենետիկի իշխանութեանց հովանաւորութիւնը վայելող Մխիթար Աբբան հետեւողական կապ հաստատեց Հռոմի Ս. Քահանայապետին հետ, որպէսզի հայոց այս իւրայատուկ միաբանութիւնը ստանայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վաւերացումը։ Տարիներու հետեւողական դիմումներէ եւ ճիգերէ ետք վերջապէս 1712ին, Միաբանութիւնը վաւերացուեցաւ Պապին կողմէ, իսկ Մխիթար արժանացաւ Աբբահօր կարգավիճակին։ Ճամբան բացուած էր Մխիթար Սեբաստացիի առջեւ, որպէսզի իր միաբանութիւնը աւելիով հեռացնէր թրքական հասողութենէն։ Միաբանութիւնը Մոռէա ձգած՝ Մխիթար անցաւ Վենետիկ եւ ձեռնարկեց տեղւոյն

իշխանութեանց մօտ իր Միաբանութեան յարմար տարածքի մը ապահովման աշխատանքին։ Եւ երբ 1715ին, Վենետիկի իշխանութեանց դէմ պատերազմէն յաղթական դուրս գալով, թուրքերը գրաւեցին Մոռէան, արագացաւ Մխիթար Աբբահօր տարիներու երազին իրականացումը։ Վենետիկի իշխանութեանց օրէնսդիր ժողովի որոշումով՝ 1717ին, մինչ այդ բորոտներով բնակուած Ս. Ղազար կղզին նուիրուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան։ Թէ՛ անձամբ Մխիթար աբբահօր եւ թէ Միաբանութեան հաւատաւոր հոգեւորականներու տքնաջան աշխատանքին եւ նուիրումին բերումով՝ Ս. Ղազար կղզին շատ արագ նախանձելի տեսքի բերուեցաւ, հայադրոշմ վանքով օժտուեցաւ, իր սեփական տպարանը ունեցաւ եւ Երկրէն ուսանողներ ընդունելու գիշերօթիկ յարմարութիւններ ստեղծեց։ Մխիթար Սեբաստացի հայրենասիրութեան եւ հայեցիութեան իր պաշտամունքը կիզակէտ դարձուց իր Միաբանութեան համար, որ վանական տքնաջան աշխատանքի վկայութիւն հանդիսացող կոթողական գործերով եւ հրատարակութեամբ արդի հայ հոգեմտաւոր հարստութեան նուաճումին մէջ անփոխարինելի ներդրում ունեցաւ։ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահայրը իր միաբաններուն համար օրինակելի տիպար դարձաւ իր թողած գրական ժառանգութեամբ։ Միայն ՝՝Աստուածաշունչ՝՝ի պատկերազարդ հրատարակութեան իրագործումը (տարբեր ձեռագիրներու բաղդատութեամբ վերակազմուած) եւ ՝՝Հայկազեան Բառարան՝՝ը ինքնին բաւարար են, որպէսզի հայկական հանճարի եզակի ճառագայթումներու բարձունքին իր արժանաւոր տեղը գրաւէ հայ մեծ վանականը՝Մխիթար Սեբաստացի Աբբահայրը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.