2009-04-28 14:21:03

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցը Իտալիոյ Ապրուցօ մարզի երկրաշարժի աղէտեալներուն։


Սրբազան Հայրը ողբերգութեան վայրը։

Յոյսի պատգամ մը վերապրողներուն,

Եւ՝ աղօթք՝ ննջեցեալներու համար

Երեքշաբթի 28 Ապրիլ 2009-ին՝ առաւօտեան, սկիզբ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետին այցը Իտալիոյ ՜՜Ապրուցօ՝՝ մարզը, հանդիպում ունենալու՝ երկրաշարժի աղէտեալներու հետ։ Մի քանի ժամուայ այցելութիւնը, նման էր ՜՜Ճանապարհ Խաչին՝՝ . Նորին Սրբութիւնը, յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ վրանաբնակողներուն հետ, այցելեց ուսանողներուն տունը, վանք մը ու եկեղեցի մը, իսկ զօրանոցի մէջ, Սրբզ. Պապը հայրական եւ քաջալերական խօսք մը ուղղեց աղէտեալներուն եւ ապա աղօթեց բոլոր զոհերուն համար։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը գովքը հիւսեց Ապրուցոյի բնակիչներուն որոնք ճանչցուած են իրենց աշխատասիրութեամբ։ Հուսկ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ շրջանի քաղաքական ու եկեղեցական իշանութիւններու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.