2009-04-28 12:51:27

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀՅԴ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ։Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց Գերագոյն մարմնի յայտարարութիւնը, որուն մէջ հիմնաւորուած է ՀՅԴ-ի որոշումը համաձայնական կառավարութեան իր մասնակցութիւնը դադրեցնելու մասին։ Արմէն Ռուստամեան (երէկ) մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ տարակարծութիւններ ունեցած է համաձայնական կառավարութեան մէջ գործելու ընթացքին։ ։ Բայց երբ տարակարծութիւններ յառաջացնող ազգային հարցերու հետ կապուած քայլեր կառնուին, երբ անոնք որոշակի գործընթաց կը պահանջեն եւ վտանգ կը պարունակեն, տարակարծութիւնները յաճախ անյաղթահարելի կը դառնան։ Ահա թէ ինչու՝ Դաշնակցութիւնը որոշեց այլեւս ընդդիմադիր ճակատին մէջ գործել։

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ (սահմանի բացումը, Հայ Դատը, Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը եւ Ղարաբաղի Տագնապին լուծումը այս խնդիրներէն տարանջատելը։Սահմանին հետ կապուած Թուրքիոյ պարտաւորութիւնը միջազգային պարտաւորութիւն է։ Թուրքիա պարտաւոր է սահմանը բանալ, եւ ոչ թէ սահմանի բացումը իրաւունք դարձնել, աւելին՝ լծակ՝ Հայաստանին ճնշելու եւ զիջումներ կորզելու համար։ Այս ընթացքը ներկայ է Թուրքիոյ ծրագիրներուն մէջ, (ընդգծած է Ռուստամեան)։Իսկ Երկրորդ խնդիրը Ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած է։ Մենք պէտք է յստակ գիտակցինք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը պէտք է իրականացուի երկու զուգահեռ ուղղութիւններով՝ միջազգային ճանաչում եւ ճանաչում Թուրքիոյ կողմէ։ Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ միջազգային ճանաչման գործընթացը փոխարինուի միայն Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելով, որ ան ճանչնայ։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ։Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներուն հետ։ ՝՝Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ՝՝ 23 ապրիլին լոյս ընծայեց Հայաստանի նախագահին հետ 20 ապրիլին իր կատարած հարցազրոյցը, ՝՝Ֆայնենշըլ Թայմզ՝՝ նոյն օրը լոյս ընծայեց ամսուան սկիզբը կատարուած հարցազրոյց մը, իսկ ՝՝Ռաշա Թուտէյ՝՝ ռուսական պատկերասփիւռի միջազգային կայանը 24 ապրիլին հարցազրոյց մը կատարեց նախագահ Սարգսեանի հետ։Պատասխանելով ՝՝Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլի՝՝ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի այն խօսքին, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման համաձայնութիւն մը պիտի չկնքուի, մինչեւ որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի, նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ անշուշտ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը մեր համաձայնութիւններուն ծիրին մէջ չէ։ Թէ՛ մենք եւ թէ՛ բանակցութեանց մէջ թրքական կողմը զօրակցեցանք այն գաղափարին, թէ կը բանակցինք առանց նախապայմանի։ Անշուշտ նախապայմաններ ճշդել այնպիսի պահու մը, ուր շրջագիծերը արդէն իսկ ճշդուած են եւ բեկումի մը շատ մօտ ենք, անընդունելի է մեզի համար։ Նախագահ Սարգսեան ՝՝Ֆայնենշըլ Թայմզի՝՝ն եւս բացառեց նախապայմաններու ճշդումը եւ նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի արագ լուծում մը չի նախատեսեր։



Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ՝՝Արմէնփրէս Գործակալութեան՝՝ տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անգամ մը եւս նշած է, որ Հայաստան կը ձգտի լիակատար յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ՝ առանց նախապայմաններու։Մենք նկատի ունինք թէ որեւէ նախապայման չկայ Ղարաբաղի հարցին լուծման հետ կապուած եւ որեւէ նախապայման չկայ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ, եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը որեւէ ձեւով Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ չի դներ(ըսած է նախարարը)։ Ըստ Էդուարդ Նալբանդեանի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարագւորման ճամբու քարտէսը ժամանակային ուղեցոյց է այն քայլերուն, որոնք պէտք է կողմերը իրականացնեն, որպէսզի ձեռք բերուելիք համաձայնութիւնները ուժի մէջ դրուին եւ սկսին իրականացուիլ, եւ այդ քարտէսին մէջ որեւէ դրոյթ կամ սկզբունք չկայ։

ԸՍՏ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ 7 ՄԱՅԻՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՓՐԱԿԱՅԻ ՄԷՋ ։ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը յուսան, որ Արեւելեան Գործընկերութեան վեհաժողովին ծիրին մէջ 7 մայիսին Փրակայի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կառուցողական բնոյթ ունենայ։ Թէեւ երէկ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին համանախագահները յայտարարեցին, որ մեծ ակնկալիքներ ունին յառաջիկայ հանդիպումէն, բայց նաեւ չքօղարկեցին որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Փրակայի հանդիպման հրաւիրելը բաւական մեծ ջանքեր ու երկար աշխատանք պահանջած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.