2009-04-26 14:10:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին սրբադասման պատարգը ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալ ուխտաւորներու։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին սրբադասման պատարգը U. Պետրոս հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալ ուխտաւորներու։

Կիրակի ապրիլ 26, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը սրբադասման հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց . UՊետրոս հրապարակին վրայ եւ որուն ընթացքին 5 նոր սուրբեր հռչակեց` անոնցմէ չորսը՝ իտալացի են, եւ մէկը՝ փորթուկալցի։

Երանելի Arcangelo Tadini (1846 - 1912 ) ծնած է Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի Վերոլամուովա գիւղին մէջ։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1870ին եւ 1900ին հիմնած՝ իգական կրօնաւորական միաբանութիւնը, օգնութեան հասնելու պարմանուհիներու դաստիարակութեան։ Երանելի հռչակուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ 3 Հոկտեմբեր 1999ին

Երանելի Bernardo Tolomei (1272 - 1348) ծնած է Սիեննա քաղաքը։ Վանական կեանքը ընդգրկած եւ եւ ապա նշանակուած է աբբահայր եւ մէկ ապրիլ 1319-ին հիմնած է ՜՜Սրբուհի Մարիամ՝՝ անուան կրօնաւորական միաբանութիւնը։ Մեծ համաճարակի տարին 1348ին՝ հայր Պերնարտօ աբբայարանի իր պաշտօնը կը թողու օգնութեան հասնելու համար հիւանդներուն, եւ այս պատճառաւ ինք եւս իր կարգին ժանտախտէ կը վարակուի եւ կը մեռնի։ Իր մահէն ետք՝ ան բազմաթիւ հրաշքներ կատարած է։ Երանելի հռչակուած է Ուրբանոս 8-րդ Քահանայապետի կողմէ 1634ին։

Երանելի Nuno De Santa Maria Álvares Pereira (1360 - 1431) Փորթուկլացի էր, ան 27 տարեկանին կրօնաւորական կեանքը ընդգրկած է։ 1389ին հիմնած է ՜՜Կարմեղեան՝՝ միաբանութիւնը։ Վախճանած է 1 ապրիլ 1431ին։ Երանելի հռչակուած՝ Պենետիկտոս ԺԵ. Քահանայապետի կողմէ 23 յունուար 1918ին։

Երանուհի Geltrude Comensoli (1847 - 1903), Կոյս եւ հիմնադիրը իգական միաբանութեան։

Երանուհի Caterina Volpicelli (1839 - 1894 )։ Ծնած է Նափոլի քաղաքը, դուստրը ազնուական ընտանիքի ու մասնագէտ գրականութեան, լեզուներու եւ երաժշտութեան։ 1874ին հիմնած է ՜՜ Յիսուսի Ս. Սրտի՝ իգական միաբանութիւնը՝՝ որուն նպատակն է դաստիարակել նոր սերունդը։ Երջանկայիշատակ ՅՊԲ Պապը զինք Երանուհի հռչակած էր 29 ապրիլ 2001ին։

Նշենք թէ՝ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբզ. Պապը իր Քահայանապետութեան չորս տարիներուն ընթացքին, հռչակեց 23 սուրբեր։ Սակայն առանց նախագահելու երանացման։ ծիսակատարութիւնները, որոնք տեղի կ'ունենան, յաճախ, նոր երանելիներու թեմերուն մէջ։

Իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. Յինանցի այս Գ. կիրակին, դարձեալ մեր ուշադրութեան կը հրաւիրէ Յարուցեալ Քրիստոսի խորհուրդը Յիսուս իր մահով յաղթեց չարին ու մահուան վրայ։ Քրիստոսի լուսաւոր դէմքը այսօր մասնաւորպէս կը ցոլանայ մեր վրայ շնորհիիւ 5 նոր սուրբերու։ Այս առթիւ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կ'ողջունեմ բոլոր այն ուխտաւորները, որոնք զանազան երկիրներէն եկած են մասնակցելու այս սրբադասման ծիսակատարութեան։ Նոր սուրբերու երկրաւոր ու հոգեւոր կեանքը մեզի ցոյց կու տայ Քրիստոսի յարութեան խորհուրդի ներգործութիւնը մարդու սիրտին մէջ։ Յարութիւնը հիմնական խորհուրդ մըն է որ կ'ուղղէ եւ կ'առաջնորդէ փրկութեան պատմութիւնը։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր գոհութիւն տանք Աստուծոյ նոր սուրբերուն պարգեւին համար, որոնք իրենց սրբութեամբ կը պայծառացնեն Եկեղեցին։ Անոնց օրինակէն հրապուրուինք ու հետեւինք անոնց ուսուցումներուն , որպէսզի մեր կեանքը դառնայ փառաբանութեան տաղ մը բարձրացած առ Աստուած։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը` Թագուհի սուրբերու, մեզի համար ընդունի շնորհքը քարոզելու Յիսուսի անունը մեր խօսքով ու բարի օրինակով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.