2009-04-25 13:07:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Շաբաթ 25 Ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

Տիար Ռալֆ Կոնզալէս` նախարարապետը Սան Վէանսան եւ Կրենատին կղզեխումբին, անոր կողակիցը եւ 5 հոգինոց շքախումբը։

Ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին

Հուսկ՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, ընդունեց Իտալիոյ կաթողիկէ կրօնուսոյցները թիւով՝ բշուրջ 8000։ Նշենք թէ կրօնուսոյցներու ունկնդրութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հռոմի քաղաքապետը, եւ հանդիպումը գնահատեց կարեւոր եւ հեղինակաւոր, յարելով որ կրօնուսոյցներու դերը արդի ընկերութեան մէջ հիմնական է։ Ապա ան ընդգծեց թէ հոն ուր կրօնքի դասաւանդումը արգիլուած է ընկերութիւնը կը դառնայ ՜՜հոգեպէս եւ մշակութապէս աղքատ՝՝։

Նոյնպէս Սրբազան Հայրը ընդունեց ''ընտանիքներու հանդիպում''ի կազմակերպիչները, որոնք պատրաստեցին ՜՜Մեքսիքոյի ընտանիքի հանդիպումը՝՝ անցեալ յունուար ամսոյն մէջ։ ՜՜Փրկչին մայրը՝՝ անուան մատրան մէջ, անոնց մատուցած պատարագին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜քրիստոնէական ընտանիքները հանզանդութեան դպրոցներ են։ Աստուծոյ հնազանդիլ տեսութիւն մը չէ այլ կենսական է։ Արդարեւ՝ յարեց Սրբազան Հայրը, հնազանդութիւնը մտերիմ հաղորդութենէն կը բխի։ Յաճախ, ներքին ակնարկ մը բաւարար է ՝ հասկնալու համար Աստուծոյ կամքը։ Մեր ժամանակակից մարդիկը կարիքը ունին ըմբռնելու այս հնազանդութիւնը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.