2009-04-25 15:15:36

Հայկական կենցաղն ու մշակոյթը ներկայացնող՝ առարկաներու լուսանկարներու Ալպոմ։


Մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ նկարչուհի Լուսիկ Ագուլեցիի հաւաքածոն ներկայացնող գիրք մը, որ ներառած է հայկական կենցաղն ու մշակոյթի ներկայացնող երեք հազար իրեր, որոնք մէկտեղուած են քառասուն տարիներու ընթացքին։ Գիրքը կընդգրկէ հայկական կենացային 3150 հնամեայ առարկաներու լուսանկարներ՝ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն։ Գրքին յառաջաբանին մէջ անոր հեղինակին՝ Ագուլեցիի յօդուածին հետ միասին հրատարակուած են նաեւ 9 ազգագրագէտներու յօդուածներ՝ հայկական կենցաղի մասին։ Գիրքին մէջ լոյս տեսած իւրաքանչիւր լուսանկարի տակ արձանագրուած է իր մեկնաբանութիւնն ու տեղեկութիւնները մանրամասնութեամբ։

Հատորը լոյս պիտի տեսնէ ՜՜Տիգրան մեծ՝՝ հրատարակչատունէն անոր մէջ ներկայացուած են 150 արծաթէ գօտիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին զարդանախշը չէ կրկնուած միւսին վրայ, նաեւ կան՝ կահոյքի առարկաներ, օրօրոցներ, ժամացոյցներ, ինչպէս նաեւ՝ մօտաւորապէս 100 սափորներու լուսանկարներ, որոնց մէկ մասը պատրաստուած է նախքան քրիստոս։ 3 ապրիլին գիրքին վերաբերող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոր հեղինակը՝ Լուսիկ Ագուլեցի յայտնած է, որ գիրքի հրատարակութեան նպատակը հայ ընտանեկան յարկին տակ օգտագործուող եւ մշակութային ուրոյն արժէք ունեցող իրերու ներկայացումն է։ Իւրաքանչիւր առարկայ իր խորքն ու իմաստը ունի՝ սկսած զարդեղէններէն մինչեւ խոհանոցային պիտոյքները, ըսած է ան։ Ագուլեցի հաստատած է, որ հայերու բնակարանին մէջ աւելորդ եւ անպէտք առարկաներ չկան, որովհետեւ հայկական տունը հայ մշակոյթի միաւորման կեդրոն է։ Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.