2009-04-24 14:55:32

Ուրբաթ 24 Ապրիլ 2009 Ապրիլեան Նահատակաց 94-ամեակն է...


Հայ ժողովուրդը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ այսօր կ՝ոգեկոչէ իր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը' որոնք զոհ գացին 1915 ի ցեղասպանութեան։

Րատիօ Վատիկանի մեր այսօրուայ հայերէն հաղորդումը մեծ մասամբ կը յատկացնենք ՜՜Ապրիլեան Նահատակաց 94-ամեակին ոգեկոչման։

Կը խոնարհինք բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին առջեւ, արդէն 94 տարի անցաւ աղէտին՝ անցած դարու առաջին ցեղասպանութեան, որոշումով եւ գործադրութեամբ Օսմանեան Պետութեան։

Այսօր համայն հայութիւնը (ինչպէս ըսինք) Հայաստան թէ Սփիւռք կու գայ հոգիով ծնրադրելու յիշատակին առջեւ այն մարդոց, որոնք գարնանային օր մը յանկարծակիօրէն դուրս քշուեցան իրենց տուներէն, դուրս բերուեցան իրենց հազարամեայ շէնքերէն ու քաղաքներէն, տարուեցան մութ եւ թշնամական ճամբաներով, կողոպտուեցան, կոտորակուեցան եւ կոտորուեցան այդ ճամբաներուն վրայ ու հասան անապատ՝ որպէսզի այնտեղ հոգի աւանդեն սովի ու հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ։

Հ Հ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 1915-ի Օսմանեան Թուրքիոյ իրականացուցած ոճիրին՝ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։

Գլխիկոր եօթը մայրերու խորհուրդը կրող՜ սիւներու ներքոյ անմար կրակի մօտ, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը։ Պաշտօնատար անձինք գլուխ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակը։

Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը հաւաքուած էին, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ ու տարբեր երկիրներէն հիւրեր։

Ապրիլ 24-ին յիշատակի արարողութիւններ կը կատարուին Հայաստանի բոլոր մարզերու մէջ ու աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու մէջ։

Բողոքի կոչ կը բարձրանայ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան դէմ եւ ուղերձ կը յղուի միջազգային հանրութեան ՜՜որպէսզի ճանչան 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճրագործութիւնը՝ թոյլ չտալու՝ ՜՜Ցեղասպանութիւններու կրկնութեան՝՝։

Հայ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերու մէջ կը մատուցուին ՜՜Հոգեհանգստեան Պատարագներ՝՝։ Անմար կրակի մօտ կը շարունակուիանդադար մարդկային հոսքը։

Պսակներ զետեղուեցան նախարարութիւններու, տարածքային կառավարման մարմիններու, տարբեր գերատեսչութիւններու, քաղաքական ուժերու, ուսումնական հաստատութիւններու, գիտնականներու, արուեստի գործիչներու ու հասարակական կազմակերպութիւններու անուամբ։

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչած ու դատապարտած են շուրջ երկու տասնեակ երկիրներու պետական տարբեր ատեաններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, յիշենք անոնցմէ՝ Եւրոխորհրդարանը՝ որ 1987-ին ընդունած է Հայկական հարցի քաղաքական լուծման մասին յատուկ բանաձեւը։ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանցած են նաեւ ԱՄՆ-ի աւելի քան չորս տասնեակ նահանգներ ու տարբեր քաղաքներու քաղաքապետարաններ։

Մեծ եղեռնը դատապարտող բանաձեւ կը գտնուի նաեւ Իսրայէլի Քնեսեթի օրակարգին մէջ։

ԱՄՆ-ի Գոնգրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի ներկայացուած՝ բանաձեւը կ՝ընդլայնէ աջակիցներու թիւը։

Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը բացուած է 1967-ի նոյեմբեր 29-ին։ Աւելի քան քառասուն տարիէ հոն ուխտագնացութիւն կը կատարեն ՜՜ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը յարգելու համար՝՝ բազմաթիւ հայեր ու օտարերկրացիներ։ 1995-ին բացուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, կը պահուին պատմական արիւնալի դէպքերուն վաւերագրերը։

Անթլիասի մայրավանքին մէջ (Լիբանան) հայ երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս վերանորոգեց իր յանձնառութիւնը` հայ դատին նկատմամբ։

Չորեքշաբթի 23 ապրիլ 2009-ի երեկոյեան ժամը 9-ին, կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակին նուիրուած երիտասարդական հսկում։

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Մարտիրոսեան, ան ըսաւ, որ 94 տարի անցած է Թուրքիոյ անմարդկային ցեղասպանութենէն, որուն նպատակն էր հայութեան բնաջնջումը, ինչ որ չիրականացաւ։ Այս ոգեկոչումները, յայտնեց Մարտիրոսեան, այսուհետեւ սգալու առիթներ չեն, այլ առիթներ՝ ՜՜վառ պահելու պայքարի ոգին՝՝։

Ան հաստատեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ինքնանպատակ չէ, եւ հայութեան պատկանող հողերը երբեք չեն կրնար դառնալ քաղաքական շահարկումներու առարկայ։ Իր խօսքի աւարտին Մարտիրոսեան նշեց որ՝ հայ երիտասարդութեան համար անընդունելի եւ ամօթալի է տեսնել Ապրիլ 24-էն քանի մը ժամ առաջ հայ-թրքական համաձայնագրի մը ստորագրութիւնը։

Յայտնենք թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին։

Յայտարարութիւնը կը յայտնէ, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը միասին, Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ, աշխուժ աշխատանք տարած են՝ նպատակ ունենալով կարգաւորել իրենց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնել բարի դրացիական յարաբերութիւններու ոգիով եւ փոխադարձ յարգանքով՝ այսպէս խթանելով խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց ՜՜երկկողմանի յարաբերութեանց բնականոնացման վերաբերեալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յայտարարութիւնը՝՝։

Մինչ՝ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով ՜՜ զգուշացուց Թուրքիան եւ Հայաստանը ըսելով որ անոնք պէտք չէ իրենց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնեն, եթէ այդ բնականոնացման զուգահեռ հայկական ուժերը Լեռնային Ղարաբաղէն չհեռանան՝՝։

Նոյնպէս հայ կաթողիկէ համայնքը` յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ հսկումի երեկոյ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին` ՜՜Այսօր այսպէս,վաղը ի՞նչ՝՝ թեմայով։

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը (հայերէնով եւ արաբերէնով) արտասանեց օրուան հանդիսավարը, Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անդամ Արամ Գարատաղլեան։ Ան յայտնեց, որ հայ ազգը շատ մը այլ ցեղերու նման գոյատեւեց շնորհիւ իր նահատակներուն թափած արեան։ Արդար իրաւունքը, հաստատեց ան, ամէն բանէ վեր է, երբ չի մեռնիր, երբ ունի պահանջատէր ազգ մը։

Պէյրութի՝ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ Հ Վարդան վրդ Գազանճեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք յուշակոթողին շուրջ ոչ միայն յարգանք մատուցելու, ոգեկոչելու, անցեալը յիշելու, այլեւ՝ կարդալու մեր ներկան եւ ծրագրելու ապագան։ Ան հաստատեց, թէ կատարուածը որակաւոր ոստում մըն է յայտնելով՝ որ նոր սերունդը մահուան յաղթած է եւ յարութեան սերունդ է։

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան ատենապետը՝ Մարալ Աթեշեան. ան խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն յորդորեց զանոնք գիտակցելու իրենց պարտականութիւններուն, արթուն ըլլալու, յառաջդիմելու ու Հայ դատի պահանջատիրութիւնը գիտական եւ մասնագիտական գործի վերածելու։ Ան հաստատեց, թէ Հայ դատին համար ամէնէն ազդեցիկ միջոցառումը միասնականութիւնն է, ինչպէս նաեւ համախմբուածութիւնը եւ համագործակցութիւնը։

Աւարտին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. ՜՜Հոգեհանգստեան Պաշտօնը՝՝ կատարեց ։

Իտալիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչուեցաւ զանազան ձեռնարկներով եւ արարողութիւններով։

Ժամը 11-ին Հռոմի Վիա Ճուլիա փողոցը գտնուող Ս Վլասի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, Հայածէս Ձայնաւոր Ս. Պատարագ եւ Հանգստեան պաշտօն կատարեց Հայր Գեղարդ Վահունին։

Իսկ ժամը 17.30-ին Յաւիտենական քաղաքի՝ կեդրոնը գտնուող Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեան՝ մեծաւորը Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքին որմէ ետք ներկաները, մեծ թիւով, թափորով ուղղուեցան Սուրբ Նիկողայոսի անուան հրապարակը գտնուող ՜՜Խաչքարին առջեւ ՝՝ ուր եւ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօնը։

Յիշատակութեան արարողութիւններ եւ եւ ձեռնարկներ կատարուեցան Իտալիոյ քաղաքներէն Միլանոյի, Վենետիկի, Նափոլիի, Բատովայի ու Մաթերայի մէջ։
















All the contents on this site are copyrighted ©.