2009-04-23 14:01:29

Լուրեր հայ աշխարհէն
Հալէպ- Սուրիոյ հայաշատ քաղաք Հալէպի մէջ Արամ Ա. Նախագահեց Ատանայի ջարդերու նուիրուած հագեհանգստեան արարողութեան։


Կիրակի 19 Ապրիլ 2009-ին, առաւօտեան Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն մը ՜՜ընդհանրապէս Կիլիկիոյ ու յատկապէս Ատանայի ջարդերուն ընթացքին նահատակուած աւելի քան երեսուն հազար հայորդիներու հոգիներուն համար՝՝։
Յայտնենք, որ այս առիթով վեհափառը հայրապետական յատուկ Կոնդակ մը հրապարակած էր 2009-ի Յունուարին։ Կոնդակը կարդացուեցաւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Ատանայի ջարդի նահատակներուն համար, եւ այս առիթով արտասանուեցան քարոզներ։

Հայոց արեւելեան կողմերու պատմութիւն Արցախ փաստա-վաւերագրական ֆիլմաշարի նկարահանումը։

Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ նկարահանուող՝ հայոց արեւելեան կողմերու պատմութիւն Արցախ փաստա-վաւերագրական ֆիլմաշարը կը ներկայացնէ Արցախի պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Տասնհինգ մասէ կազմուած շարքը կը պատրաստուի հինգ լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն։

Ֆիլմաշարը պիտի ցուցադրուի ո՛չ միայն Հայաստանի պատկերասփիւռի կայաններէն, այլ՝ նաեւ տեսասկաւառակներով պիտի տարածուի արտերկրի մէջ։ Առաջին ժապաւէնը, որ Արցախի մասին պատմա-աշխարհագրական ակնարկ մըն է, հանրութեան պիտի ներկայացուի ապրիլի վերջը։ Ֆիլմաշարի գիտական ղեկավար, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, դոկտոր, փրոֆեսէօր Բաբգէն Յարութիւնեան յայտնած է, որ ֆիլմաշարին նպատակն է ցոյց տալ, որ հայոց արեւելեան կողմերը եղած են Հայաստանի անխախտելի մասը, իսկ արցախահայութիւնը՝ հայ ժողովուրդի մասնիկ։

Ան նկատել տուած է, որ իրողութիւնը ճշգրիտ կերպով եւ պատմութիւնը ըստ արժանւոյն ներկայացնելու տեսանկիւնէն տեղեկատուական բաց կայ, իսկ նկարահանուող ֆիլմաշարը պիտի գոցէ այդ բացը։ Շատ կարեւոր է ազգութեամբ ոչ հայ հայագէտներու մասնակցութիւնը ժապաւէններու նկարահանման աշխատանքներուն մէջ։ Միջազգային հանրային կարծիք կը ձեւաւորուի ո՛չ միայն հայերու, այլեւ՝ օտարներու կողմէ։ Ժապաւէնի պատրաստման աշխատանքներուն մէջ կը ներգրաւուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մտաւորական ներուժի ամէնէն կարկառուն դէմքերը։ Գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ Ռուբէն Գրիգորեան նշած է, որ ժապաւէնը պիտի ունենայ նաեւ խաղարկային հատուածներ։ Ֆիլմաշարի խորհրդական, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատմամշակութային ժառանգութեան Գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէնը՝ Յակոբ Սիմոնեան տեղեկացուցած է, որ ֆիլմաշարին մէջ դէպքերը կընթանան ժամանակագրական կարգով՝ լուսարձակի տակ առնելով պատմամշակութային կոթողներու կերտումը։

Ֆիլմաշարը պիտի սկսի քարէ դարի մշակութային ժառանգութեան ներկայացումով, պիտի շարունակուի պրոնզէ դարով, ապա՝ միջին պրոնզէ-դարէն մինչեւ Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջան, հայկական թագաւորական հանգրուաններ քրիստոնէական առաջին համայնքներու ձեւաւորման վաղ քրիստոնէական յուշարձաններու պատկերացումով։ Պիտի ներկայացուի Արցախի ամբողջ մշակոյթը՝ զարդարուեստ, գորգագործութիւն, ձեռագիր եւ խաչքարերու արուեստ, նաեւ Արցախի մէջ գտնուող խաչքարերու հնագոյն նմուշները։ Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք Մարտիրոսեան նշած է, որ ՜՜ֆիլմաշարը ներազդեցութեան մեծ ուժ պիտի ունենայ՝՝։ Այս աշխատանքը Տիսքավրի հաղորդաշարի նման պիտի ներկայացնէ իրական փաստեր՝ աշխարհին ցոյց տալու, թէ ո՛վ է երկրամասին իսկական տէրը։ Ֆիլմաշարի գլխաւոր արտադրիչ Աիդա Ահարոնեան տեղեկացուցած է, որ նկարահանման աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են։ Թեքնիք աջակցութիւնը կիրականացնէ Պարադիզ ընկերութիւնը, աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են պետական եւ սեփական գիտական հաստատութիւններ։ Գլխաւոր հովանաւորը պիտի ըլլայ Վիվասել-Էմ Թի Էս ընկերութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.