2009-04-23 12:43:57

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդած է, թէ Ռուսիոյ Դաշնակցութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 22ին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Մոսկուա։ Այսօր՝ Ապրիլ 23ին, կը կայանայ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու առանձնազրոյցը։

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՂ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ։ Հայաստանի Ազգային Արխիւի մէջ Ցեղասպանութեան առնչուող մօտ 12.000 փաստաթուղթեր կը պահուին, որոնցմէ մէկ մասը դեռ ուսումնասիրութեան կարիք ունի։ ՝՝ՀՀ. Ազգային Արխիւը ու Ցեղասպանութեան Վաւերագրերը՝՝ թեմայով ասուլիսի ժամանակ այդ մասին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը։ Անոր խօսքերով՝ մինչեւ 1965 թուականը Հայոց Ցեղասպանութեան թեման փակ էր, իսկ Ցեղասպանութեան զոհերը լաւագոյն պարագային կը համարուէին Առաջին համաշխարհային պատերազմի զոհեր։ Հայաստանի Ազգային Արխիւի մէջ պահուող Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերը կը պարունակեն գաղթականներու յիշողութիւններ, աշխարհի տարբեր ծայրերէ հայոց հայրապետին ուղղուած նամակներ, եկեղեցական փաստաթուղթեր, նաեւ ռուսական բանակի գրաւոր տեղեկութիւններն ու լուսանկարները։ 1970-ական թուականներուն Ազգային Արխիւը Ֆրանսայէն Հայաստան տեղափոխած է շարք մը պետական ու պաշտօնական փաստաթուղթեր, սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ չուսումնասիրուած ու չբացայայտուած փաստաթուղթերը, ըստ Ամատունի Վիրաբեանի, արտասահմանեան արխիւներու մէջ դեռ շատ են։

ՏԷՐ-ԶՕՐԻ ԱՆԱՊԱՏԸ։ Տէր Զօրի Անապատ Ժամանած 2500 Հայ Երիտասարդներուն իր խօսքը ուղղեց Արամ Ա. ։Ապրիլ 17ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ուղեւորուեցաւ Տէր Զօր, (Սուրիա) հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան գլխաւոր անապատը, իր հայրական պատգամը ուղղելու համար հայ երիտասարդութեան, որ աշխարհի զանազան կողմերէն մեծաթիւ խումբով նոյն օրը ժամանած էր հոն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հռչակուած ՝՝2009-Հայ երիտասարդութեան տարին՝՝ արժանաւորապէս նշելու առաջին նախաձեռնութիւնը եղաւ այս այցելութիւնը դէպի Տէր Զօր՝ կազմակերպութեամբ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ թեմերու հայկական վարժարաններուն, Հայկազեան համալսարանին, ուսանողական միութիւններուն եւ երիտասարդական խմբաւորումներուն։ Ուրբաթ, 17 Ապրիլին, ուխտաւոր երիտասարդութեան շարասիւնը Տէր Զօր քաղաքէն քանի մը քիլօմեթր դուրս կանգ առաւ եւ հայ երիտասարդութիւնը մնացեալ ճամբան, անապատի աւազներուն վրայէն հետիոտն յառաջացաւ, յիշելով նահատակներուն ու վերապրած խլեակներուն անցքը այդ անապատէն։ Նոյն գիշերը, Տէր Զօրի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանստեան արարողութիւն։ Վեհափառը երեկոյեան ժամը 7։00ին ժամանելով յուշահամալիր,մուտքին աղ ու հացի օրհնութիւն կատարեց եւ ապա Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթք տեղի ունեցաւ, ներկայ հարիւրաւոր երիտասարդութեան մասնակցութեամբ։ Ապա գիշերը հսկումի արարողութիւն կատարուեցաւ,ներկայութեամբ Բերիոյ եւ Լիբանանի թեմերու առաջնորդ Սրբազաններուն՝ Շահան Եպս. Սարգիսեանի եւ Գեղամ Եպս. Խաչերեանի, որ այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց երիտասարդութեան։ Վեհափառին երկրորդ հանդիպումը հայ երիտասարդութեան հետ եղաւ յաջորդ օրը, Շաբաթ, 18 Ապրիլին, Տէր Զօրէն անցնող Եփրատ գետի ափին, որ բազմահազար հայորդիներու դիակներ կուլ տուած էր շուրջ դար մը առաջ։ Հայ երիտասարդութիւնը երկիւղածութեամբ եւ ի յարգանս մեր բիւրաւոր նահատակներուն, Եփրատի ջուրերուն մէջ ծաղիկներ նետեց՝ յիշելով՝ սպաննուած մէկուկէս միլիոն մեր նահատակները։Այս առիթով, գետին մէջ կառուցուած կամրջակի մը վրայէն իր պատգամը ուղղելով ներկայ ուխտաւոր երիտասարդութեան Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ նոր սերունդները նկատեց անվերջանալի պատուհասը Ցեղասպանին, սակայն ո՛չ վայրագ միջոցներով, այլ քաղաքակիրթ աշխարհի ընդունած կարգերով, իրենց աշխատանքով ու գիտութեամբ, եւ միջազգային դիւանագիտութեան իրենց բերելիք նպաստով, մինչեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերումը։Ուխտագնացութեան երրորդ հանգրուանը եղաւ Մարկատէի Սուրբ Յարութեան մատուռը, ուր յայտնաբերուած էին հազարաւոր հայերու աճիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.