2009-04-22 13:04:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 22 ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ.Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին, այսօր ներկայացուց Ս. Ամբրոզիօ Օբերը , որ եղած է աբբահայրը Պենեվենեթոյի պենետիքտեան վանքին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը պիտի կեդրոնացնենք Ը. դարու Ս. Ամբրոզիօ Օբերին վրայ։ Ան` եղած է հանրութեան քիչ ծանօթ հեղինակ մը։

Ծնած է Բրովանս, եղած՝ Բէբան լը Պրեֆ թագաւորի արքունիքի սպայ ։ Ան նպաստած էր ապագայ Գարլօմանիոյի դաստիարակութեան։ Ապա մտած՝ Պենեվենեթոյի պենետիքտեան վանքը եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ 777 թուականին։ Եւ շուտով աբբահայր ընտրուած այդ պաշտօնի վրայ մնալով մինչեւ իր մահը` 784 թուականին։

Ամբրոզիօ Օբեր եղած է իր ժամանակի վերածնունդի մեծագոյն դէմքը։ Ան իր գրութիւններու մէջ ջատագովը հանդիսացած է վանականութեան։

Ան աշխատած է վերարծածել վանականութեան գաղափարականը։ Իր մեծագոյն աշխատանքը եղած է Յայտնութեան Գրքին մեկնութիւնը՝ որ կը դրսեւորէ իր հոգեւորութեան խորութիւնը։

՜՜Եկեղեցին՝՝ գլխաւոր թեման եղած է իր գործերուն ուր կը հաստատէ թէ Եկեղեցին պէտք չէ բաժնել Քրիստոսէն, միակ միջնորդը։ ՝՝Եկեղեցին` Քրիստոսի մարմինը՝՝ կը մասնակցի այս միջնորդութեան։ Ամէն օր, կը գրէր ան, ՜՜Քրիստոս մեր մէջ կը Ծնի, մեր մէջ կը Մեռնի եւ Յարութիւն կ'առնէ՝՝։ Եւ Ս. Կոյս Մարիամ, որուն ծոցին մէջ եկեղեցին միացած է անոր Պետին, Եկեղեցւոյ տիպարն է։

Յայտնելով Ս. Կոյս Մարիամին դերը Փրկչագործութեան մէջ, Ս. Ամբրոզիոս դարձած է Արեւմուտքին առաջին ՜՜Մարիամաբանը՝՝։ Իր սէրը հանդէպ Ս. Կոյսին, կ'առաջնորդէ զինք դէպի քրիստոնէական կեանքի ճշմարիտ աղբիւրը, որ կը սնանի Ս. Գիրքէն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Ս. Ամբրոզիոսի եւ Ս. Աստուածածնայ օրինակներու հետեւելով սիրեն Եկեղեցին։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը՝ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն մաղթելով որ Յարուցեալ Քրիստոսը իր սիրով լիացնէ անոնց սրտերը։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը








All the contents on this site are copyrighted ©.