2009-04-22 13:55:37

Հայկական երեք կուսակցութիւններու Կիպրոսի մէջ գործող միաւորները, Հայկական Ցեղասպանութեան 94-րդ ամեակին առիթով, լոյս ընծայած են հետեւեալ միացեալ հաղորդագրութիւնը։


Իննսուն եւ չորս տարիներ առաջ, հայ ժողովուրդը բնաջնջելու գազանային կանխածրագրումով, թուրք իթթիհատական պետութեան կողմէ գործադրութեան դրուած՝ կատաղի ցեղասպանութիւնը,՜՜ իր բնոյթով եւ ահաւոր իր տարողութեամբ՝՝ նմանը երբեք չէ ունեցած համայն մարդկութեան բազմադարեան պատմութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, ուր որ ալ այսօր կը գտնուին անոնք՝ ՜՜Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք թէ Սփիւռքի տարածքին՝՝ ոչ միայն խոր կսկիծով կ'ոգեկոչեն իրենց աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներու յաւէտ խնկելի յիշատակը, այլ վերանորոգ միասնականութեամբ կը բոլորուին ազգային պահանջատիրութեան նուիրական համոզումին շուրջ։ Ահաւոր սուգին կու գայ բարդուիլ ամենախոր ընդվզումի զգացումը եւս, որովհետեւ տարրական արդարութիւնն իսկ տակաւին կը շարունակուի զլացուիլ հայութեան։

Հայ ազգը ՜՜երբեւէ չի կրնար մոռնալ եւ իրաւունք չունի մոռնալու՝՝ մասնաւորաար՝ Ապրիլ 24, 1915-էն սկսեալ, թրքական այն ժամանակահատուածին կառավարող պետութեան կողմէ իր դէմ գործուած արիւնաթաթախ ու աղիտալի ոճրագործութիւնը, որ կը հանդիսանայ դարաւոր իր պատմութեան ամէնէն սարսափելի իրադարձութիւնը։

Քսանըմէկերորդ դարու յառաջադէմ ողջ մարդկութիւնը պարտի ճանչնալ եւ դատապարտել Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս ոճրամէտ նման ամէն արարք, կանխելու եւ արմատապէս ու ընդմիշտ արգիլելու համար ՜՜այդպիսի միջազգային ողբերգութիւնները՝՝։

Յատկապէս ներկայ իրականութեան առջեւ, երբ Թուրքիա կը գտնուի Եւրոմիութեան շեմին, եւ նամանաւանդ Եւրոխորհրդարանի 1987-ի Հյակական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումին լոյսին տակ, Եւրոպական Միութիւնը, իր 27 անդամներով, որոնց կարգին նաեւ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, պարտի պահանջել Թուրքիայէն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, վերահաստատելով պատմական իրականութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ոտնակոխուած իրաւունքները։ Միայն այդ նախապայմանի լրացումէն ետք է, որ ընթացք պէտք է ստանայ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը։

Ոչ մէկ տեսանելի կամ աներեւոյթ արգելք եւ ոչ մէկ խոչընդոտ, կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ, պիտի յաջողին կասեցնել ուխտեալ մեր նուիրումը՝ ՜՜հետապնդելու ազգային մեր բոլոր իրաւունքները եւ իրականացնելու արդարագոյն մեր դատը՝՝։  








All the contents on this site are copyrighted ©.