2009-04-22 13:06:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա) Մեթիու Պրայզան (Միացեալ Նահանգներ), Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր։

ՀՅԴ-Ն ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԴԱՐ ԸԼԼԱՆ (Կ'ԸՍԷ ՌՈՒԶԱՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ)։Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Ռուզան Առաքելեան Փաստարկ ակումբին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Երեւանի աւագանիի (քաղաքապետական խորհուրդ-ի) ընտրութիւններուն քաղաքական կուսակցութիւններուն մասնակցիլը ճիշդ է։Ըստ անոր, Երեւան քաղաքը ունի անյապաղ լուծում պահանջող բազմաթիւ խնդիրներ։ Իսկ ատիկա միայն քաղաքական ուժերը կրնան ընել՝ յստակ ծրագիր ներկայացնելով։Երեւանի բնակչութիւնը մեր երկրի բնակչութեան 60 առ հարիւրն է, հետեւաբար քաղաքապետը շատ կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ, եւ շատ կարեւոր է, որ ապագայ քաղաքապետը գործունեայ մարդ ըլլայ, որպէսզի կարենայ լուծել այսօրուան խնդիրները,( ըսած է Ռուզան Առաքելեան)։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ։Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Հրայր Կարապետեան (21 ապրիլին) խորհրդարանի նիստերու սրահին մէջ ընդունեց ՝՝Հայկական Ճարտարապետութիւնը եւ 21-րդ դարը՝՝ Համագումարին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ ճարտարապետները։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան։ Եռօրեայ համագումարը տեղի կունենայ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։

ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՆՔ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ

ԿԸՍԷ ԱՐԱ ՆՌԱՆԵԱՆ։Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեան Մամլոյ ազգային ակումբին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախանցեալ օր յայտնեց, որ Հայաստան շրջանի միակ երկիրն է, որ ի վիճակի է շրջանային հաւասարակշռութիւնը ապահովելու։Հայաստանի դերը շրջանին մէջ այսօր կը մեծնայ անով, որ, փաստօրէն Հայաստան միակ երկիրն է, որ ի վիճակի է շրջանի երկիրներուն միջեւ համապատասխան հաւասարակշռութիւնը ապահովելու։ Արա Նռանեան նշեց նաեւ որ Հայաստան եզակի երկիր է, որ ունի ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւններ Ռուսիոյ հետ եւ լաւ յարաբերութիւններ Միացեալ Նահանգներու հետ ,միաժամանակ աշխուժօրէն կ'ընթանան Եւրոպական համարկումի գործընթացները, եւ հաստատուած են հայ-իրանական տնտեսական ջերմ յարաբերութիւններ։

ԸՍՏ ՍՏԵՓԱՆ ԱՍԴՈՒՐԵԱՆԻ ՌԱֆԱՅԷԼ ԼԵՄՔԻՆ ՝՝ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝՝ ԲԱՌԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆԱԾ Է։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ատանայի կոտորածներու 100ամեակի նշումին ներկայ գտնուած Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանի փրոֆ Ստեփան Ասդուրեան, Ապրիլ 21ին լրատուամիջոցներու թղթակիցներուն հետ զրուցելով՝ հաստատեց, թէ ողջ գիտական աշխարհը՝ հազուադէպ բացառութիւններով, Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն հայերու զանգուածային սպանութիւններն ու տեղահանումը Ցեղասպանութիւն կը համարէ։ Ըստ հայ պատմաբանին, Լեհ Իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը, որ 1943ին միջազգային իրաւունքի մէջ ներմուծած է ՝՝ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝՝ բառը, կը հիմնուէր ուղղակի Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ։



ԹՈՒՐՔԻԱ -ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ։Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոսի եկեղեցին պիտի վերաշինուի։Անիի աւերակներէն ետք, Արեւմտահայաստանի ամենէն հետաքրքրական հայկական յուշարձաններէն է Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին։ Օգտուելով վերջերս Թուրքիոյ մէջ ընդունուած Վագըֆներու հայող նոր կարգադրութենէն, եկեղեցին ունի Թաղային Խորհուրդ մը, որուն անդամները ընտրուած են Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայերու ձայներով։Պոլսոյ ՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթ-ի խմբագրատունը այցելած են Տիարպեքիրի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Էրկիւն Այըք եւ անդամներէն Քէնան Սարաֆ ու Թէքին Փապուչեան։ Ատենապետ Այըք բացատրութիւններ տուած է իրենց տարած աշխատութիւններուն մասին։ Տիարպեքիրի քաղաքապետութիւնը խոստացած է նիւթական օժանդակութիւն։ Առաջին հերթին նպատակադրած ենք(ըսած է ան) հողաշէն տանիքը փակել։ Վերանորոգութիւնը ամբողջովին ստանձնած է Թաղային Խորհուրդը։ Մենք մտադիր ենք շինարարութեան աշխատութեան ղեկը յանձնել ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի։ Մտադիր ենք նաեւ Հայաստանի ճարտարապետներուն հետ գործակցելու։ 1913-ին կայծակնահար ըլլալով փլած զանգակատունը վերակառուցուեցաւ 2000թրքական ոսկիի հանգանակութեամբ։ Հիմա մենք ալ ստիպուած ենք մեզի վիճակուածը յաջողցնելու(ըսած է դեռ Տիարպեքիրի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետը)։ Ըստ այլ տեղեկութեան մը աշխատանք կը տարուի վերանորոգելու համար նաեւ Տիարպեքիրի Սուրբ Սարգիս կիսափուլ եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.