2009-04-19 12:55:47

Գերմանացի Ցեղասպանագէտին Յայտնաբերած Լուսանկարներու Ցուցադրութիւնը Ուաշինկթըն։


Գերմանացի Ցեղասպանագէտին Յայտնաբերած Լուսանկարներու Ցուցադրութիւնը Ուաշինկթըն։

՝՝Արմինեըն Միրըր Սփէքթէյթըր՝՝ շաբաթաթերթի Մարտ 14ի թիւին մէջ գրուած է թէ Մարտի սկիզբը, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Ազգային քարոզչութեան Գիտաժողովի ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վաւերագրող նորայայտ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը։

Գերմանացի Ցեղասպանագէտ Հիլմար Քայզեր թրքական արխիւներու երեքամեայ ուսումնասիրութեան արդիւնքով յայտնաբերած է լուսանկարները, որոնք արժէքաւոր են իրենց արժանահաւատութեամբ։ Անոնց մէկ մասը առնուած է գերմանացի զինուորական լուսանկարիչներու կողմէ, եւ կը կրէ մակագրութիւններ նկարի հակառակ երեսին վրայ։ Քայզեր այդ արխիւներու ուսումնասիրութեան ընթացքին յստակ թիւերու հանդիպած է, եւ իր հաշուարկներուն համաձայն, 1.1 միլիոն կը կազմէ սպաննուած հայերուն թիւը։ ՝՝Թիւերը ակնյայտ էին՝՝։ ՝՝Մենք կը տեսնէինք հրէշի իսկական դէմքը՝՝, յայտնած է Քայզեր,կարդալով լուսանկարներէն մէկուն մակագրութիւնը, ուր գերմանացի զինուոր մը գրած էր, թէ՝՝իրենց նաւը չէր կրնար Տիգրիսի ջուրերով անցնիլ, դիակներու առատութեան հետեւանքով՝՝։Ըստ նշեալ օրաթերթի հաղորդագրութեան, ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուած լուսանկարներուն մեծ մասը դէպի Տէր Զօր բռնագաղթի ճանապարհին առնուած է, պիտի շրջի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներ։



Կիրակի 19 Ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ.ի քահանայապետութեան Դ. տարեդարձն է։



Այս չորս տարիներուն ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Հռոմի պապը 11 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, այցելեց մզկիթ մը եւ հրէական տաճար մը, հրապարակեց երկու շրջաբերական թուղթեր, գումարեց երկու կարտինալական ժողովներ եւ հռչակեց 18 նոր սուրբեր։ Նոյնպէս Վատիկանի մէջ ընդունեց նախ Էջմիածնի կաթողկոսը` Գարեգին Բ Վեհափառը եւ ապա Անթլիասի կաթողիկոսը Արամ Ա. վեհափառը։ Իսկ յառաջիկայ մայիսին ՜՜Ս. Երկիր՝՝ պիտի այցելէ, յաջորդաբար այցելելով Յորդանանը, Իսրայէլը եւ Պաղեստինը։ Ապրիլ 16ին` Պենետիկտոս ԺԶ իր քահանայ եղբօրը ներկայութեամբ անաղմուկ տօնախմբեց իր ծննդեան 82-ամեակը ԳասթելԿոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցին մէջ։ Ռատիովատիկանի տնօրէնը Յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի Սրբազան Քահայանապետին ծննդեան տարեդարձի նախօրեակին յատարարած է թէ Պենետիկտոս ԺԶ.ը ոչ միայն մշակոյթի, աստուածաբանութեան ու հոգեւոր կեանքով խոր մարդ մըն է, այլեւ յատկանշուած է իր մարդկութեամբ, ազնուութեամբ ու սուր զգայնութեամբ, մատնանշելով թէ Քահանայապետը խորապէս ապրեցաւ Իտալիոյ Ապրուցօ շրջանի երկրաշարժի աղէտեալներու ողբերգութիւնը։










All the contents on this site are copyrighted ©.