2009-04-18 13:22:11

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ յունիս 19-ին մտադիր է հռչակել քահանայական տարի մը նուիրուած՝ Արսի ժողովրդապետին, անոր մահուան 150-րդ տարեդարձին առթիւ։



Նորին Սրբութիւնը մտադիր է քահանայական տարի հռչակել 19 յունիս 2009-էն մինչեւ 19 յունիս 2010, ֆրանսացի Արսի սուրբ քահանային մահուան 150-րդ տարեդարձին առթիւ, արդարեւ ֆրանսացի սուրբ Ժան Մարի Վիաննէն ապրած է Արս գիւղը 1786-1859։ Ան եղած էր մեծ խոստովանահայր եւ ճշմարիտ տիպար հովիւ մը ի սպաս Քրիստոսի հօտին։ Այս տարին պիտի ունենայ որպէս նիւթ ''Քրիստոսի հաւատարմութիւնը, քահանայի հաւատարմութիւնը'' Այս յոբելենական տարւոյն ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Ժան Մարի Վիաննէն հռչակած է պաշտպան սուրբը աշխարհի քահանաներուն։ Ան 1929էն ի վեր պաշտպան սուրբն է աշխարհի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն։

Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէն ծնած է 1786-ի Մայիսին ֆրանսայի Լիոն քաղաքի մօտ։ Գիւղացի ընտանիքի զաւակ՝ 20 տարեկանին նորընծայարան կը մտնէ եւ 1818-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։ Շնորհիւ իր քարոզութեան, աղօթասիրութեան ու ապրելակերպին, ան դարձի կը բերէ իր ծուխը։ Կը բարենորոգէ եկեղեցին, կը հիմնէ որբանոց մը եւ կը հոգայ աղքատներուն։ Արսի սուրբ ժողովրդապետին միակ մտահոգութիւնը եղած է հոգիներու փրկութիւնը։ Կը վախճանի 4 օգոստոս 1859-ին։ Երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ Քահանայապետը 1925-ին զինք սուրբ կը հռչակէ։





Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գարիթաս բարեսիրական մարմնի ընդհանուր նիստը Զուիցերիա։

Ընդհանուր ժողովի բացման խօսքին մէջ, տիկին Բեդրա տել ըսաւ որ Գարիթասը ցոլացումն է Աստուծոյ սիրոյ հանդէպ մարդկութեան։ Ան մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մէկ խորհրդածութիւնը յարեց. ՜՜եղբայրօգնութիւնը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար ընկերային եղբայրօգնութեան ներգործութիւն մը չէ,այլ անբաժան մէկ մասը Եկեղեցւոյ։ Եղբայրօգնութիւնը աւելի զօրեղ է քան զօրակցութիւնը։ Ապա ֆրիպուրկի Գարիթասի հոգեւոր հայրը Էրիգ Մարշան իր խօսքին մէջ օրինակը բերաւ տիկին Մատլէն Տելպրէլի՝ որ անցեալ դարուն, Փարիզին մէջ եղբայրօգնութեան մարմին մը հիմնեց ՜՜թշուառականներու ի սպաս՝՝եւ իր այս յանձնառումին համար, Հռոմի մէջ անոր սրբադասումի դատը սկսած է ։





Քահանայապետական նշանակում

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը նշանակեց Հոն Գոնկ թեմին համար նոր եպիսկոպոս մը, յանձին՝ գերապայծառ Ճոն Թոնկ Հոնի։ Ան կը յաջորդէ կարտինալ Ժոզէֆ Զէն Զէքիույին, որ իր յառաջացած տարիքին բերումով իր հրաժարականը ներկայացուցած էր Սրբազան Պապին։








All the contents on this site are copyrighted ©.